Չորեքշաբթի, 13 Յունիս 1962-ին Լիբանանի պետական երաժշտանոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Նշան Ազգային վարժարանի Շրջ. միութեան կազմակերպած հայրերու օրուան տօնակատարութիւնը:

Հայրերու օրուան պատշաճ տօնակատարութիւն մը չէր տեղի ունեցածը, ուր հօր մը արժէքն ու կատարած դերը փառաւորուէր՝ դաստիարակիչ եզրակացութիւններով, այլ՝ հայրերու եւ մայրերու մասին թեր ու դէմ արտայայտուող վիճաբանական տեսակ մը ասուլիս: Մայրերուն ունեցած առաւելութիւններու մասին խօսեցաւ Ս. Ծառուկեան՝ արժէքազրկելով հայրերուն դերը, իսկ հայրերուն ունեցած առաւելութիւններուն մասին խօսեցաւ Վազգէն Այգունի՝ արժէքազրկելով մայրերուն ունեցած առաւելութիւնները: Օրուան նախագահ Բիւզանդ Եղիայեան իր խօսքերը բանաձեւեց հետեւեալ կերպով. «Կարելի է ծնողաց օրը տօնել: Երկուքն ալ՝ հայրն ու մայրը ճանչնալով իրենց արժէքին մէջ իբրեւ ամբողջութիւն: «Երկուքն ալ, իրենց սեռին յատուկ առաքինութիւններ ունին, եւ իրողութիւնները պէտք է դատենք իրենց բուն արժէքով: «Խնդիրը պէտք է դիտենք ոչ այնքան դիրքերու եւ դերերու հաշիւի տեսակէտէն, այլ՝ իբրեւ մարդ դիտելու տեսակէտէն: Ի՞նչ են առաքինութիւնները կնոջ եւ մարդու, որոնք իբրեւ մարդկային արժէք կը ներկայանան: «Ամէն մէկ կին եւ ամէն մէկ այր առանձինն անձնաւորութիւններ են, առանձինն արժէքներով: «Տիեզերքը կառավարող սկզբունքները, ուժը սիրոյ եւ հաւատքի մէջ է: Այդ սիրոյ եւ հաւատքի զօրութեամբ է, որ հայրն ու մայրը պէտք է իրենց պարտականութիւնը կատարեն հանդէպ իրենց զաւակներուն: Մայրը պէտք է ըլլայ խնամող, իսկ հայրը՝ կառավարող: «Հայրերը պէտք է ըլլան հայրական տիպարներ, մայրերը՝ մայրական տիպարներ, որպէսզի կարենան տիպար սերունդներ հասցնել հայ ժողովուրդին»: Յաջորդեց գեղարուեստական բաժին: