Յունիս ամսուայ մէջ, ֆրանսական ձայնասփիւռը Ռատիօ-Սորպոնի մշակութային յայտագիրներու մէջ կէս ժամ տրամադրած էր Նարեկացիին: Քանի մը ամիս առաջ (յունուար 21), նոյն յայտագրով խօսուած էր Վարուժանի եւ Չարենցի մասին:

Այս անգամ Նարեկացիի առթիւ եւ բնորոշելու համար միջին դարու միջավայրը, խօսնակ տիկինը յիշեց Հայոց պատմութեան այդ շրջանը եւ մանաւանդ Բագրատունիներն եւ Անիի թագաւորութիւնը: Նկարագրական էջ մը՝ Ժաք տը Մորկանէն: 951, կը ծնի Նարեկացին: Մթնոլորտը անձկութեան մէջ է: Քիչ ծանօթութիւններ կան իր կեանքի մասին: Գրականութիւ,ն աստուածաբանութիւն կը սորվի Անանիա վարդապետէն, Նարեկի վանքը: Հրաշքներ գործած է, կ՛ըսեն, թէ Կոյսը տեսած է: Հոս խօսնակը սխալ մը կը գործէ՝ ըսելով, թէ Կաթողիկէ եկեղեցին սրբացուցած է զինք: Ապա ճշգրիտ բառերով, կը խօսի Նարեկացիի ոճին մասին. բանաստեղծը կ՛ապրի ներքին ողբերգութիւն մը, լեզուն զարմանահրաշ կերպով հարուստ է: Լիւք-Անտրէ Մարսել լաւագոյնս խօսած է այդ հզօր եւ ինքնատիպ լեզուին մասին: Մինչ ոմանց համար Նարեկացին արաբական ազդեցութիւն կրած է, ուրիշներ համաձայն չեն: Ֆրանսական ձայնասփիւռը կը յիշէ Թորգոմ պատրիարքին տեսակէտը, որ կը շեշտէ, թէ Նարեկացին արաբերէնի ծանօթ չէր: Կը յիշատակուին նաեւ Արշակ Չօպանեանի թարգմանութիւնները եւ վերջինը՝ հայր Քէշիշեանի թարգմանութիւնը (յառաջանալով հայր Յովհաննէս Մըսըրեանի): Յայտագրին վերջը կարգ մը հարցումներ եղան փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտիի: Յայտագրին ընթացքին Նարեկացիի ֆրանսերէն թարգմանութիւններէն արտասանեց Ալեն Քիւնի, իսկ Արտաշէս Գմբէթեան գրաբար արտասանեց՝ անգամ մը եւս յայտարարելով իր տաղանդը եւ լաւագոյն ապացոյցը տուաւ, թէ աշխարհի գեղեցկագոյն լեզուներէն է մեր անմահ գրաբարը: Հաւանաբար Նարեկացիի լաւագոյն բնորոշումը ըրած է Լիւք-Անտրէ Մարսէլ՝ ըսելով, թէ Նարեկացի Ժ. դարու գերիրապաշտ բանաստեղծն է «Լի շնորհօք»: