Ֆրանսայի մէջ վերջերս հիմնուած է Ծիծաղի եւ կենդանի սրամտութեան (հիւմոր) ակադեմիա մը, որուն նպատակն է մարդոց սորվեցնել լիահագագ խնդալ՝ առօրեայ կեանքի հոգերն ու տաղտուկները մոռնալու համար:
Ակադեմիայի նախագահն է Ֆրանսուա Քարատեք, իսկ պատուակալ անդամները՝ ժամանակակից ֆրանսական արուեստի եւ մտքի ականաւոր շատ մը դէմքեր: Ակադեմիային պատուակալ նախագահն է Ռընէ Քլեր, իսկ աջակիցները՝ Ֆրանսուազ Սական վիպագրուհին եւ Ռայմոն Քենօ երգիծագիրը: Այս տեսակ ակադեմիաներ արդէն հիմնուած են՝ Արեւմտեան Գերմանիոյ, Անգլիոյ, Իտալիոյ, Պելճիքայի, Ֆինլանտայի եւ նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ակադեմիայի նպատակներէն մէկն է նաեւ ուսումնասիրել կատակը՝ իբրեւ պատմական եւ ընկերային երեւոյթ: Փարիզի ժողովրդական արուեստներու եւ աւանդութեանց թանգարանը խոստացած է ակադեմիային տրամադրել սրահ մը՝ կատակներու մնայուն ցուցահանդէսի մը համար: Ակադեմիայի նպատակներն են նաեւ՝ Ապրիլ 1-ը ազգային տօն հռչակել, տարուան մէջ օր մը բոլոր աղտոտ լաթերը (գաղտնիքները) երեւան հանելու միջնադարեան սովորութիւնը վերահաստատել, ինչպէս նաեւ՝ տարուան համալսարանական լաւագոյն կատակին մրցանակ հաստատել: Ակադեմիային կեդրոնը կը գտնուի հարաւային Ֆրանսայի մէջ:
Պեթհովեն երբեք չլսեց իր իններորդ համանուագը՝ Ուրախութեան համանուագը, որովհետեւ, բոլորովին խուլ էր յօրինած միջոցին: Մեծանուն երգահանը իր ուրիշ շատ մը գործերն ալ չկրցաւ լսել:
Պուրճ Համուտի Համազգայինի Լեւոն Շանթ թատերախումբը, ղեկավարութեամբ Թաթուլ Այնէճեանի, կը ծրագրէ 1963-ի Յունուարի վերջաւորութեան ներկայացնել Յակոբ Օշականի անտիպ թատերախաղերէն «Նոր պսակը»՝ գրագէտի մահուան 15-րդ տարեդարձին առթիւ: Պոլսոյ ընտանեկան բարքերէն առնուած այս ողբերգութիւնը առաջին անգամ բեմադրուած է Պոլիս 1922-ին: