Բնութեան մէջ շատ աղեր կան: Այսուհանդերձ, ժողովուրդը աղ ըսելով՝ կը հասկնայ կերակուրին աղը, որ բաղկացած է այնպիսի տարրերէ, որոնք առանձինն վնասակար են կեանքին համար:

Մինչդեռ յայտնի է, թէ առանց կերակուրի աղին՝ կարելի չէ ապրիլ: Հազիւ եղած է, թէ 1 տարուան ընթացքին  ամէն մարդ կը գործածէ 7 քիլօ աղ: Աղին բնախօսական ազդեցութիւնը մարմնակազմին վրայ շատ մեծ է: Այս պատճառով հասկնալի կը դառնայ հայ գիտնականներուն ուրախութիւնը, երբ յայտնի դարձաւ, որ Երեւան նստած է աղի պաշարներով հարուստ հսկայական հանքի մը վրայ: Հետազօտութիւնները ցոյց տուին, որ աղահանքը կը սկսի Արագածի ստորոտէն (Եղուարդէն), կը հասնի մինչեւ Մհուր, կ՛իջնէ դէպի Աւան, Երեւանի տակէն անցնելով՝ դուրս կու գայ Արարատեան դաշտավայրին մէջ եւ կը տարածուի մինչեւ Հոկտեմբերեան: Երկրաբանները այս աղահանքը բաժնած են երկու մասի՝ Աւանի եւ Արարատեան դաշտի տեղամասերու: Առ այժմ պիտի օգտագործուի Աւանի աղահանքը: Ասոր աղի պաշարը աւելի քան 26 միլիոն թոն է, որ կը գտնուի երկրին մակերեսէն 200-600 մեթր ցած: Աւանին աղահանքը պիտի տեւէ մօտ երեսուն տարի: Երեւանի աղահանքին շահագործումը, բնականաբար, կը յարուցանէ ծանրակշիռ հարց մը, այն է, թէ չի՞ փլիր արդեօք երկրին կեղեւին այն մասը, որուն վրայ շինուած է Ե-րեւան, երբ աղը հանելէ ետք անոր տակ պարապութիւն մը գոյանայ: Երկրաբանները «Ոչ» կը պատասխանեն, քանի որ, կ՛ըսեն անոնք, աղահանքին նկուղներուն առանցքներուն կը մնան 14 մեթր լայնութեամբ աղի երկար շերտեր, որոնք իրենց վրայ պիտի վերցնեն վերի շերտերուն ամբողջ ծանրութիւնը: Այս 14   մեթրնոց շերտերը պիտի կատարեն տունի մը շէնքին սիւներուն դերը: Իսկ բացուած նկուղները, հետագային, կարելի է օգտագործել իբրեւ մթերանոց՝ գինիի կամ կազի համար: Աւանին աղը բարձր որակի է եւ կը պարունակէ 98.2 առ հարիւր զուտ աղ: