Սրտի վիրաբուժութեան ասպարէզին մէջ արձանագրուած յաջողութիւններուն շնորհիւ կարելի եղած է մշակել սիրտին բնածին եւ ստացական արատները բուժելու նոր ձեւեր։

Այս գործին նպաստած է Ա. Ճազարեանի հրատարակած «Սրտի եւ հիմնական անօթների բնածին արատներուն աթլասը», որուն համար հայ բժիշկը 1957-ին արժանացած է մրցանակի մը, իսկ տարի մը ետք, 1958-ին՝ Պրիւքսէլի միջազգային ցուցահանդէսին ամենաբարձր՝ «Կրան փրի» մրցանակին։ Մեծ նորութիւն մը եղած է 1961-ին Հայաստանի մէջ հրատարակուած «Սրտի վիրահատութեան աթլասը», որուն պատրաստութեան համար սրտի հայ մասնագէտը ուսումնասիրած է Սով. Միութեան, Մ. Նահանգներու, Անգլիոյ, Շուէտի, Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Չեխոսլովաքիոյ, Հունգարիոյ եւ այլ յառաջադէմ երկիրներու սիրտանօթային վիրաբուժութեան արդի փորձերը, ինչպէս նաեւ Երեւանի մէջ կատարուած վիրաբուժական գործողութիւններ։ Աթլասը բաղկացած է երկու մասերէ։ Առաջին մասին մէջ գունաւոր նկարներով ցոյց տրուած են սիրտին եւ մեծ անօթներուն զարգացման փուլերը։ Ներկայացուած են անոնց կազմակխօսութիւնները, ինչպէս նաեւ վիրահատութեան մէջ գործածուող գործիքները եւ եղանակները։ Երկրորդ մասին մէջ ցոյց տրուած են ներորտային արատներուն, սիրտին փականներուն եւ խոշոր անօթներուն բնածին արատներուն վիրահատութիւնները։ Ներկայացուած են նաեւ՝ վիրահատութեան ուրիշ տեսակները եւ ձեւերը։ Աթլասին բոլոր նկարները գծած է ինքը հեղինակը։ Գծանկարներուն եւ գեղանկարներուն միջոցաւ հայ մասնագէտը կրցած է ճշգրտօրէն վերարտադրել սիրտին եւ մեծ անօթներուն ախտաբանական շեղումները, փոփոխութիւնները։ Մոսկուայի մէջ Սովիէթ Միութեան Ակադեմիայի վիրաբուժութեան կաճառը Ա. Վիշնեւսկիի անունը կրող պղնձեայ անուանական մեծ շքանըշանը յանձնած է հայ մասնագէտին։