Կեսարիայէն կը գրեն 16 Ապրիլ թուականով.-  Թեմիս բազմամեայ հոգեւոր հովիւ Հայկազուն Ա. քհնյ. Կարապետեան, որ ամիսէ մը ի վեր պռոնշիթէ կը տառապէր, բաւական ապաքինած ըլլալով, Աւագ շաբթուան եւ Ս. Զատկի բոլոր արարողութիւնները անթերի կերպով կատարեց:

Նորընտիր հայրապետը, շուրջառազգեստ, իր  աղօթքը ըրաւ Ս. սեղանի առաջ եւ խօսեցաւ յուզիչ ուղերձ մը:

Տեղապահ սրբազանին աղօթքէն ետք պատգամաւորներու երիցագոյն անդամ Յակոբ Տէր Մելքոնեան ատենապետ եւ կրտսերագոյն անդամ մեթր Վարդգէս Շամլեան ատենադպիր՝ կազմեցին առժամեայ դիւանը՝ կատարելու համար պատգամաւորներու լիազօրագրերուն ստուգումը:

Կիրակի, 5 Մայիս 1963, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին, ժողովրդային խանդավառ մթնոլորտի մէջ, փառաշուք օր մը անցուց եւ Կիլիկիոյ դարաւոր Ս. Աթոռը պատմական անմոռանալի թուական մը արձանագրեց:

Ապրիլ 24-ի առաւօտ, նահատակաց տօնին օրուան առիթով, Երեւանի ձայնասփիւռը հաղորդագրութեան մը ընթացքին ոգեկոչեց ապրիլեան նահատակները: Գոհար Գասպարեան երգեց «Հայաստան»ն  ու «Կիլիկիա»ն: Կարդացուեցաւ Հրաչեայ Քոչարի մէկ