Տեղապահ սրբազանին աղօթքէն ետք պատգամաւորներու երիցագոյն անդամ Յակոբ Տէր Մելքոնեան ատենապետ եւ կրտսերագոյն անդամ մեթր Վարդգէս Շամլեան ատենադպիր՝ կազմեցին առժամեայ դիւանը՝ կատարելու համար պատգամաւորներու լիազօրագրերուն ստուգումը:

Պատգամաւորները, ըստ կարգի, նախ տեղապահ սրբազանը, ապա արքեպիսկոպոսները, եպիսկոպոսները, վարդապետները, աբեղաները, քահանայ հայրերն ու պատգամաւորները Լիբանանի, Սուրիոյ, Կիպրոսի, Ամերիկայի, Թեհրանի, Իրանա-Հնդկաստանի, Ատրպատականի եւ Յունաստանի, իրենց լիազօրագրերը ներկայացնելով՝ ստորագրեցին դիւանի տոմարին մէջ։ Ժողովի մնայուն դիւանի անդամ ընտրուեցան՝ ատենապետ Յակոբ Տէր Մելքոնեան, Բ. ատենապետ Եդուարդ Սահակեան, Ա. ատենադպիր Վարդգէս Շամլեան եւ Բ. ատենադպիր Ալպերթ Պեռնարտի: Առաջին քուէարկութեամբ տեղի ունեցաւ կաթողիկոսական թեկնածու երեք եպիսկոպոսներու ընտրութիւնը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութիւնը իր միաբանական ընդհանուր ժողովին մէջ ընտրած էր հնգանուն ցանկը թեկնածուներու: Իւրաքանչիւր պատգամաւոր, սակայն, ազատ էր 40 տարիքը լրացուցած, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պատկանող ոեւէ եպիսկոպոս ընտրելու: Երկրորդ քուէարկութեամբ, վերոյիշեալ սրբազաններէն ան, որ առաւելագոյն քուէն պիտի ստանար, պիտի դառնար Կիլիկիոյ Աթոռին նոր գահակալը: Պահը յուզիչ էր ու պատմական: Գարեգին վրդ. Սարգիսեան բարձրախօսին առջեւ կը կարդար Խորէն արքեպիսկոպոս, Խորէն սրբազան, Խորէն Բարոյեան: Շատ չանցած՝ խանդավառ ծափերը այլեւս լսելի չէին դարձներ հայր սուրբին ձայնը: Բոլոր լոյսերը վառուեցան եւ մայր տաճարին զանգերը սկսան ուրախ ղօղանջել՝ աւետելով նոր գահակալին ընտրութիւնը: Սեւ քողը վերցուեցաւ կաթողիկոսական աթոռէն եւ դպրաց երգեցիկ խումբը սկսաւ «Ուրախ լեր Ս. եկեղեցի» շարականը երգել. բազմաթիւ աղաւնիներ արձակուեցան ի նշան ուրախութեան: Քուէներու լրիւ ստուգումէն ետք, Բ. ատենապետ Եդուարդ Սահակեան պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ Խորէն արք. Բարոյեան 85-ի վրայ 83 ձայնով ընտրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս: (Շար. 2)