Կեսարիայէն կը գրեն 16 Ապրիլ թուականով.-  Թեմիս բազմամեայ հոգեւոր հովիւ Հայկազուն Ա. քհնյ. Կարապետեան, որ ամիսէ մը ի վեր պռոնշիթէ կը տառապէր, բաւական ապաքինած ըլլալով, Աւագ շաբթուան եւ Ս. Զատկի բոլոր արարողութիւնները անթերի կերպով կատարեց:

Ծաղկազարդի, խաւարման գիշերի եւ Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ ալ հոգեշահ քարոզներ խօսելով՝ բացատրեց այդ արարողութեանց իմաստը եւ աւետեց Քրիստոսի յարութիւնը: Զատկական պատարագին երկսեռ հաւատացեալներու խուռն բազմութեամբ լեցուած էր Ս. Լուսաւորչի ընդարձակ եկեղեցին: Արարողութեանց եւ խօսուած թրքերէն քարոզին մինչեւ վերջ ներկայ գտնուեցաւ քաղաքիս ապահովութեան տնօրէնը իր կնոջ հետ, ոստիկանապետը՝ իր հետեւորդներով եւ «Իմամ Հաթիփ»-ի (իմամ քարոզիչներու) վարժարանէն 30-ի չափ աշակերտներ: Թէեւ ներկայ գտնուիլ փափաքած էր նաեւ նահանգի կուսակալը, սակայն իր բազմազբաղ վիճակին պատճառով չկարենալուն համար ներողութիւն խնդրած էր: Շրջակայ գիւղերէն՝ Պողազլեանէն, Պրունքըշլայէն, Կիկիէն, Կեմերեկէն, Թեփմենէն, նոյնիսկ Անգարայէն եւ Ամասիայէն մեծ թիւով ուխտաւորներ եկած էին: Պատարագէն ետք ընդունելութիւն կատարուեցաւ եւ պատուասիրութիւններ եղան ապահովութեան տնօրէնին եւ անոր կնոջ ու ոստիկանապետին եւ հետեւորդներուն, որոնք շնորհաւորեցին Ս. Զատկի տօնը. իմամութեան թեկնածուները կարգ մը դաւանաբանական հարցումներ ուղղեցին Հայկազուն տէր հօր, որ ամէնուն ալ գոհացուցիչ պատասխաններ տուաւ: Ս. Զատկի մեռելոցին առիթով հարիւրաւոր սգակիրներ այցելեցին քաղաքիս հայ եւ նոր երկու գերեզմանատուները, ուր մասնաւոր կամ հաւաքական մեռելօրհնէքներ կատարեց Հայկազուն քահանան:

 

Զահլէէն կը գրեն .- Զահլէի ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը տեղական ուժերով կազմակերպեց շատ դաստիարակիչ ներկայացում մը՝ հայ ընտանեկան կեանքէն առնուած: ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը սկսան գնահատելի շարժում մը ստեղծել ժողովուրդին մէջ՝ գործի լծելով երիտասարդութիւնը, որ սիրայօժար իր մասնակցութիւնը միշտ կը բերէ ազգօգուտ ձեռնարկներու: