Կիրակի, 5 Մայիս 1963, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին, ժողովրդային խանդավառ մթնոլորտի մէջ, փառաշուք օր մը անցուց եւ Կիլիկիոյ դարաւոր Ս. Աթոռը պատմական անմոռանալի թուական մը արձանագրեց:

Հաւատացեալ ժողովուրդը, խուռներամ բազմութեամբ, առաւօտեան ժամերէն սկսեալ արդէն լեցուցած էր վանքը իր շրջափակով: Ս. պատարագը, հոգեզմայլ երգեցողութեամբ, բարձրախօսներով լսելի կը դառնար չորս կողմերէն: Պատարագիչն էր Արտաւազդ վրդ. Թրթռեան: Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը ոչ մէկ անգամ այսքան չէր փառաւորուած հոգեւորականներու պատկառելի ներկայութեամբ: Արդարեւ, արքեպիսկոպոսներու, եպիսկոպոսներու, վարդապետներու, աբեղաներու եւ քահանաներու բազմաշարք ներկայութիւնը առաւել շքեղութեամբ մը կը փառաւորէր Հայաստանեայց Ս. եկեղեցին: Յաւարտ Ս. պատարագի, տեղապահ Խորէն արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ, մեծաշուք թափօր մը, արքեպիսկոպոսներու, եպիսկոպոսներու, վարդապետներու, աբեղաներու, սարկաւագներու, դպրեվանքի սաներու եւ պատգամաւորներու, ուղղուեցաւ դէպի երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի թարմ հողակոյտը, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յուզիչ արարողութիւն: Այնուհետեւ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը պարպուեցաւ եւ դռները փակուեցան: Վեհարանի դահլիճը ծայրէ ծայր լեցուն էր Լիբանանէն եւ հեռաւոր Ամերիկայէն, Պարսկաստանէն, Յունաստանէն, Կիպրոսէն ու Սուրիայէն եկած պատգամաւորներով ու հիւրերով: Կեդրոնական յանձնախումբը անհրաժեշտ կարգադրութիւնները աւարտած էր ու հաւատացեալ բազմահազար ժողովուրդը դպրեվանքի շրջափակին մէջ անհամբեր կը սպասէր: Պատգամաւորական ժողովի գումարման պահն էր: Պիտի ընտրուէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նոր գահակալը: Պատգամաւորները, եկեղեցական դասը եւ տեղապահ սրբազանը, հաւատացեալներու երկարատեւ ծափերուն արժանանալով, վեհարանէն հանդիսաւոր թափօրով, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու կազմած երկշարք շղթային մէջէն մուտք գործեցին մայր տաճար: Դռները փակուեցան եւ բացուեցաւ Պատգամաւորական ժողովը:

(Շար.1)