1915-ի հայաջինջ սարսափներէն ետք վրիժառու հայ բազուկը հոս ու հոն գետին տապալեց դահիճներէն մէկ քանին. 15 Մարտի 1921-ին՝ Թալէաթը, Պերլինի մէջ, 19 Յուլիսի 1921-ին՝ Ճիւանշիրը, Պոլսոյ մէջ, 6 Դեկտեմբերի 1921-ին՝ Սայիտ Հալիմ փաշան, Հռոմի մէջ, 17 Ապրիլի 1922-ին՝ Պեհաէտտին Շաքիրն ու Ճեմալ Ազմին, Պերլինի մէջ:

Եւ վերջապէս, 25 Յուլիսի 1922-ին՝ Ճեմալ փաշան, իր զոյգ սուրհանդակներով, Թիֆլիսի մէջ, Չեկայի շէնքին առջեւ: Ասոնք չէին, անշուշտ, բոլորը: Դաս մը կար մատնիչներու, վատ դերակատարներու, անսիրտ ու անպատիւ մարդոց, որոնք նո՛յնքան ոճրապարտ արարքներու մէջ գտնուեցան՝ արհեստ կամ զբաղում դաւանելով քսութիւնը: Կամ՝ սեփական ապահովութիւն փնտռեցին ուրիշներու անապահովութեան մէջ… Եւ վերջապէս, կար դասակարգ մը ստորադաս պաշտօնեաներու, լրաբերներու, ոստիկաններու եւ «խաֆիէ»-ներու, որոնք քիչ չարիք չըրին հայութեան՝ օգտուելով պատեհութիւններէ, յաճախ պատրուակներ ստեղծելով կամ յերիւրելով… Վրիժառու հայ բազուկը գործեց նաեւ ա՛յս մարզերուն մէջ, յաճախ՝ մեղմաձայն կամ լուռ: Վերջին տասնամեակին լոյս ընծայուեցան յուշագրական կարգ մը հատորներ, որոնք մասամբ կը պատմեն «արութեան» այդ գործերը: Սողոմոն Թեհլիրեան եւ Միսաք Թորլաքեան յաջորդաբար տուին իրենց ապրումները՝ ժամանակակից դէպքերու ալ մասնակի պարզաբանումով: Եւ, բնականաբար, հայութիւնը ամէնուրեք ցոյց տուաւ համապատասխան հետաքրքրութիւն եւ վերաբերում՝ ազգային արժանապատուութիւնը բարձր պահող իր այդ զաւակներուն եւ հերոսներուն հանդէպ: Այժմ ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, թէ ապահովուած է հրատարակութիւնը նոյնքան շահեկան եւ պատմարժէք յուշերուն Արշաւիր Շիրակեանի, որ իր բոլոր ձեռագիրները սիրայօժար տրամադրած է, լրիւ ու պատրաստ վիճակի մէջ, ՀՅ Դաշնակցութեան Հիւսիսային Ամերիկայի կազմակերպութեան: Ընկեր Արշաւիր Շիրակեան ընդառաջելով «Հայրենիք»-ի խմբագրութեան հրաւէրին՝ յանձնառութիւն յայտնած է, որ իր գործը նախ որպէս թերթօն լոյս ընծայուի «Հայրենիք»-ի մէջ: