Չոպանեան Զ. ստորագրութեամբ թղթակցութիւն  մը լոյս տեսած էր ուր կը գրէր հետեւեալները.- Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, Ֆիքսի Հ. Կ. Խաչը գեղեցիկ գաղափարը ունեցաւ այցելութիւն մը կազմակերպել դէպի Իլիուբոլիի Ծերանոցը, ուրախացնելու համար հոն պատսպարուած մեր մամիկներն ու պապիկները։

Գրաւոր զանազան հին աղբիւրներ կը յիշատակեն հին Հայաստանի տաճարներուն մէջ գոյութիւն ունեցող աստուածներու քարակերտ, մետաղեայ եւ փայտէ բազմաթիւ քանդակներու գոյութիւնը։ Ասոնց մէկ մասը քանդակուած է իրենց գտնուած վայրին մէջ, մէկ մասն ալ

Հայաստանեայց եկեղեցին պատմական օր մը ապրեցաւ անցեալ Շաբաթ օր, երբ Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց վանքի պատրիարքարանի դահլիճին մէջ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա. ե Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա. ողջագուրուեցան՝ վերջ տալով Ս. Էջմիածնի եւ Անթիլիասի միջեւ եօթը

Հոկտեմբեր 26-ին, ազատատենչ եւ հաւատաւոր հայութիւնը փութացած էր Փարիզի 6-րդ թաղամասի քաղաքապետարանի սրահները, Դաշնակցութեան գաղափարական վսեմ ոգիով հաղորդուելու, հպարտանալու իր փառաւոր անցեալով եւ յուսադրուելու համար ապագայով։ Եկած էր անգամ մը եւս իր

- Երեւանի պետական համալսարանի գործերով զբաղող կուսակցական կազմակերպութեան նիստին դիտել տրուած է, թէ անբաւարար է արժէքաւոր նոր գիրքերու եւ գիտական հաւաքածոներու հրատարակութիւնը կը ձգձգուի ամիսներով, նոյնիսկ տարիներով։ Անուշադրութեան մատնուած է կարգ մը ճիւղերու