Գահիրէի մեր պաշտօնակից «Յուսաբեր»-ի մէջ կը կարդանք.- Հայ արիներու տարեկան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ , «Յուսաբեր»-ի Հելիոպոլսոյ ակումբի «Գարագաշեան» սրահին մէջ:

Շրջանային պետ Մարտիրոս Քէշիշեանի բացման խօսքի առաջին բառերը վերակրկնումն էին մեր գաղութի այլեւս ամէնօրեայ «մեղեդի»-ին, հակառակ որ վաստակաւոր սկաուտներ կը մեկնին, հակառակ այն իրողութեան, որ մեկնողները մեր շարքերը կը նօսրացնեն, հակառակ շարունակուող մեկնումներուն…։ Սակայն այս մեկնումի «հիւանդութեան» անծանօթ հայրենակից մը երբ յանկարծ մեր գաղութը գտնուէր եւ ներկայ եղած ըլլար հայ արիներու ձեռնարկին, բնաւ ու երբեք մտքէն իսկ պիտի չանցնէր, թէ այսքան ափսոսանքի եւ աւաղումի պատճառ կար: Սրահը լեցուն էր՝ մէկ ծայրէն միւսը: Ամէն կողմ կը վխտային «մանրաչափ» գայլիկներ, սկաուտներ եւ երիտասարդներ: Պատրաստուած էր խնամուած եւ բովանդակութեամբ շատ զուարթ յայտագիր մը: Օրուան յայտագիրը առաւելաբար զուարթ էր: Կենդանի «ծաղրանկարներ», ծիծաղաշարժ կացութիւններու անխօս եւ կարճ ներկայացումներ եւ երկու հտպիտներ, որոնք իրենց միմոսութեամբ խնդացուցին ներկաները:

 

Արուի լիճէն ետք, Ապարանինը Հայաստանի երկրորդ մեծ ջրամբարն է, որուն շինութիւնը, ըստ ծրագրի, պիտի աւարտի 1964-ին: Ընդհանուր առմամբ, այս ջրամբարին մէջ պիտի կուտակուի տարին 91 միլիոն խորանարդ մեթր ջուր, որուն 81 միլիոնը պիտի ծառայէ ոռոգումի, եւ ասոր շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ոռոգել 7500 հեկտար անջրդի եւ նոր մշակուող տարածութիւն մը: Ասկէ զատ, նախատեսուած է ջրամբարէն տարեկան քառասուն միլիոն խորանարդ մեթր ջուր հոսեցնել Արզնի-Շամիրամ ջրանցքին մէջ եւ այս ձեւով խնայել Սեւանի ջուրերուն քսան տոկոսը, այլ խօսքով՝ տարին մօտ 80 միլիոն խորանարդ մեթր ջուր: 1965-ին կը վերջանայ նաեւ վեց միլիոն խորանարդ մեթր ջրատարողութիւն ունեցող Մանթաշի ջրամբարին շինութիւնը: Ասով պիտի ոռոգուին Արթիկի շրջանի չորս հազար հեկտար տարածութեամբ հողերը: