Կիրակի, 20 Հոկտեմբեր առաւօտեան ժամը 9:30-ին, օդի ճամբով, Համազգայինի թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» խումբը (20 հոգի) գլխաւորութեամբ Ժորժ Սարգիսեանի, մեկնեցաւ Թեհրան, «Արարատ» մշակութային կազմակերպութեան հրաւէրով:

Խումբը Թեհրանի մէջ պիտի բեմադրէ Լ. Շանթի «Հին աստուածներ»-ը եւ Ք. Մանիէի «Օսքար»-ը, ընդամէնը՝ 12 ներկայացում: Խումբը պիտի այցելէ նաեւ Ապատան: Իրանահայ հոծ գաղութը, որ 1959-ին մեծապէս գնահատած էր «Գասպար Իփէկեան» խումբին 15 ներկայացումները («Ոսկի աքաղաղ», «Շղթայուած»-ը եւ «Տուն-փեսայ»), անհամբերութեամբ կը սպասէր անոր երկրորդ այցին: Վստահ ենք, որ այս անգամ եւս թատերասէրները պիտի ունենան մեծ յաջողութիւն եւ պիտի աւելցնեն նոր յաղթանակ մը՝ իրենց արդէն իսկ հարուստ փուլմարեսին վրայ: Լիբանանէն դուրս իր այս 12-րդ ճամբորդութեամբ, «Գասպար Իփէկեան» խումբը անգամ մը եւս կը շեշտէ իր միջգաղութային բնոյթն ու արժէքը: Անհրաժեշտ է, որ ստեղծուին պայմաններ, առիթ տալու համար այս խումբին՝ աւելի յաճախ շրջելու գաղութէ գաղութ, որովհետեւ իր ստեղծած խանդավառութիւնն ու ոգեւորութիւնը անջնջելի տպաւորութիւններ են եւ մեծապէս կը նպաստեն հայապահպանման գործին:

 

Ստեփանակերտի մէջ (Լեռնային Ղարաբաղի կեդրոնական քաղաքը) «Ատրպէյճանի ախխատաւորները հանդիսաւորութեամբ նշեցին Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի 40-ամեակ»ը կը գրեն խորհրդահայ թերթերը։ Այս առթիւ խօսք առած են «Ատրպէյճանի Համայնավար կուսակցութեան Լեռնային Ղարաբաղի մարզկոմի առաջին քարտուղարը՝ Գ. Մելիքումեան» եւ Ատրպէյճանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդր. Կոմիտէի առաջին քարտուղար Վ. Ախունդով։ Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդայնացման 40-ամեակին նուիրուած այս պաշտօնական հանդիսութեան չեն մասնակցած Հայաստանի իշխանութիւնները։ Ոչ մէկ յիշատակութիւն կայ այս ուղղութեամբ։