Գոփենհակէն ֆրանսական մայրաքաղաքի օդանաւակայանը հասաւ սովիէթական օդամուղ մեծ սաւառնակ մը, որ իր մէջ կը պարունակէր տասը թոն ոսկի։
«Էռ Ֆրանս»ի անձնակազմի անդամները, անմիջապէս սկսան պարպել թանկագին բեռը, որուն արժէքը կ'ըսուի թէ՝ կը հասնի 57 միլիոն ֆրանսական ֆրանքի։ Յայտնի չէ թէ՝ այս ոսկին Փարիզ պիտի մնա՞յ կամ ուրիշ տեղ պիտի փոխադրուի։
Շուէտական Ակադեմիան 1963-ի գրականութեան մրցանակը տուաւ հելլէն բանաստեղծ Եորղոս Սէֆէրիսին, այսպէսով իր յարգանքի տուրքը տալով այսօրուան Յունաստանին։ Շուէտական ակադեմիայի քարտուղարը այս որոշումը հեռագրով հաղորդեց բանաստեղծին։ Դեկտեմբեր 10-ին, Շուէտի թագաւորը, պաշտօնապէս պիտի յանձնէ մրցանակը, որ մէկուկէս միլիոն տրախմիի կը հասնի։ Սեֆերիս ծնած է Իզմիր 1900-ին։ Բուն անունով կը կոչուի Սթելիոս Սեֆերեատիս։ 14 տարեկանին հաստատուած է Աթէնք։ 1931-ին հրատարակած է իր առաջին գործը։ Իր ուսումը ստացած է նախ Աթէնքի եւ ապա՝ Փարիզի մէջ։ Դիւանագիտական պաշտօններ վարած է զանազան երկիրներու մէջ։ Ներկայիս Յունաստանի Լոնտոնի դեսպանն է։ Սեֆերիսի գործերը թարգմանուած են անգլերէնի, ֆրանսերէնի, գերմաներէնի եւ այլ լեզուներու։ Եւրոպայի ամէնէն ծանօթ բանաստեղծներէն մէկն է։ Հելլէն բանստեղծը Նոպէլի մրցանակին արժանանալուն առթիւ շնորհաւորական բազմաթիւ հեռագիրներ ստացաւ հելլէն եւ օտար պաշտօնական դէմքերու, գրագէտներու եւ բարեկամներու կողմէ։
Անցեալ Չորեքշաբթի, Յորդանին Հիւսէյին թագաւորը, Ամմանի պալատին մէջ ունկնդրութեան ընդունած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա.ը։ Այս առթիւ, Հիւսէյին թագաւորը Յորդանին Աստղի կարգի շքանշանը շնորհած է Վազգէն Ա. կաթողիկոսին։