- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Երեւանի Ժողովրդական Ստեղծագործութեան Տան մէջ ցուցադրուած են բազմաթիւ եւ բազմազան գեղարուեստական նշոյշներ՝ նկարազարդուած քարէ սափորներ, գեղեցիկ զորգեր, արծաթեայ սկահակներ, իւղաներկ նկարներ, մարմար, եղնգաքար, երկաթաքար՝ գոյն եւ երանգ ստացած քանդակագործին ձեռքով։
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Ամենայն հայոց կաթողիկոս՝ Վազգէն Ա. անցեալ Կիրակի հասած է Երուսաղէմ եւ քաղաքի մուտքին ընդունուած՝ կառավարիչին, պաշտօնական անձնաւորութիւններու եւ հայ համայնքին պատկանող բազմաթիւ անձերու կողմէ։
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Անգլիոյ առեւտուրի նախարարը՝ Ֆրետերիք Էռոլ, որ Խորհրդային Միութեան հրաւէրով Մոսկուա գացած էր վերջերս, Սեպտեմբեր 17-ին իր կնոջ հետ Երեւան ժամանած եւ օդակայանին մէջ ընդունուած է պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու կողմէ:
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Սեպտեմբեր 20-ին 30.000 հանդիսատեսներ ներկայ գտնուած են մեծ աշուղին՝ Սայաթ Նովային ծննդեան 250-ամեակին նուիրուած տօնահանդէսին, որ տեղի ունեցած է Երեւանի մարզադաշտին մէջ:
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Քսան հայ ուսուցիչ եւ ուսուցչուհիներ, Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքի զանազան երկիրներէ եկած, բախտը ունեցան ամսուան մը մանկավարժական վարժընթացքի հետեւելու Սեւրի Մանկավարժական Միջազգային Կեդրոնին մէջ։