Հոկտեմբեր 27-ին, Կիրակի օր, Զաւարեան վար ժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ անուանի արուեստագէտ քեմանչիստ Ռուբէնի նուագահանգէսը՝ նուիրուած՝ հայ մեծանուն աշուղ՝ Սայաթ Նովայի ծննդեան 250-ամեակին։

Հակառակ աննպաստ օդին ¥առաւօտէն կþանձրեւէր¤ մեծ թիւով հայրենակցիներ փութացած էին լսել տաղանդաւոր եւ անուանի քեմանչիստը։ Նուագահանդէսը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին նաեւ՝ թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Այվազեան, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեան, Աւետարանական հայոց հովուապետ՝ վերապատուելի Գրիգոր Տէմիրճեան, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան, Թաղ. Խորհուրդի եւ Հ. Կ. Խաչի ներկայացուցիչները։ Գրագէտ ընկ. Սօս-Վանի բացումը կատարեց եւ խօսեցաւ Սայաթ Նովայի կեանքին եւ գործին։ Ապա հանդիսականներուն ներկայացուց քեմանչիստ Ռուբէնը, (Գարախանեան) բնիկ ղարաբաղցի։ Ըսաւ թէ արուեստագէտը շրջած է ամբողջ աշխարհը, Եւրոպա, Ասիա, Ափրիկէ եւայլն, ամէն տեղ արժանանալով բարձր գնահատանքի եւ ամէն տեղ խանդավառելով հայ գաղութները։ Առաջին անգամ ըլլալով է որ կ'այցելէ Յունաստան։ Ուրախ ենք որ զինք ունկնդրելու եւ մօտէն ճանչնալու բախտը կ'ունենանք։ Բուռն ծափերու մէջ բեմ բարձրացաւ արուեստագէտը իր հռչակաւոր քեմանչէով։ Յայտագիրը կը բաղկանար միայն հայ հեղինակներու գործերէն - Սայաթ Նովա, Կոմիտաս, Տիգրանեան եւ իր (Ռուբէնի) ստեղծագործութիւններէն։ Խոր լռութեան մէ, քեմանչիստ Ռուբէն նուագեց վերոյիշեալ հեղինակներու գործերը։ Յայտագիրը բաժնուած էր երկու մասի։ Երկրորդ մասին մէջ, Յակոբ Ճէլալեան կարդաց աշուղին նուիրուած ինքնագիր բանաստեղծութիւն մը, արժանանալով բուռն ծափերու։ Ապա՝ թեմակալ առաջնորդ սրբազանը բեմ գալով գնահատանքի խօսքեր ուղղեց տաղանդաւոր արուեստագէտ Ռուբէնին, որ տարիներ շարունակ երկրէ երկիր շրջելով, տարագիր հայութեան սրտին մէջ վառ կը պահէ հայ երգին սէրը։ Սրբազան հայրը մաղթեց որ քեմանչիստ Ռուբէն դեռ երկար ատեն շարունակէ խանդավառել հայ սրտերը։