Երեւանի Բազմարուեստից վարժարանը, որ քառասուն տարուան պատմութիւն ունի, տուած է եօթը հազար ճարտարագէտ շրջանաւարտներ։ Բոլորն ալ կ'աշխատին զանազան մարզերու եւ զանազան կեդրոններու մէջ։
Տարիներու ընթացքին բարձրացած է ուսման մակարդակը։ Ներկայիս քառասուն մասնագիտութիւններ կը դասաւանդուին։ Ուսումնական ներկայ տարեշրջանին 2200 երիտասարդներ մուտք պիտի գործեն վարժարանը։ Ուսանողներու ընդհանուր թիւը, մէջն ըլլալով նաեւ գիշերային դասընթացքներու եւ թղթակցութեամբ հետեւողները, ինչպէս նաեւ Լենինկրատի եւ Կիրովականի համանուն վարժարաններուն մէջ սորվողները, այս տարի պիտի ըլլան տասը հազար։ Բազմարուեստից վարժարանը ունի 38 ամպիոն, ուր կը դասախօսեն հինգ հարիւր փրոֆէսէօրներ եւ աւելի քան երեք հարիւր օժանդակ դասախօսներ։ Ուսանողներուն տեսական գիտելիքները խորացնելու համար հաստատուած են արհեստանոցներ եւ մասնագիտական տարրալուծարաններ։ Ուսանողներու դաստիարակութեան մեծապէս կը վնասէ մայրենի լեզուով դասագիրքերու եւ մասնագիտական գրականութեան պակասը։
Միջնադարեան հայ արուեստի գեղեցիկ մէկ երեւոյթին՝ հայկական մանրանկարչութեան նուիրուած է «Կիլիկիայի 12-րդ եւ 13-րդ դարերի Մանրանկարչութիւնը» նոր աշխատութիւնը, որ վերջերս լոյս տեսած է։ Աշխատութիւնը քննութեան կþենթարկէ Կիլիկիոյ մանրանկարչութեան զարգացումը, անոր ամէնէն բարձր ծաղկուն շրջանին։ Գիրքին հեղինակը՝ Լեւոն Ազարեան, ցոյց կուտայ Կիլիկեան մանրանկարչութեան զարգացման պատկերը։ Ցոյց կուտայ, թէ ինչպէս բուն Հայաստանի գեղարուեստական աւանդութիւններու եւ Բիւզանդիոնի ու մասամբ նաեւ Արեւմուտքի արուեստին հիման վրայ կը ձեւաւորուի անոր ոճը, որ աչքի կը զարնէ իր նրբութեամբ եւ նրբագեղութեամբ։ Գիտնականը կը փորձէ դասաւորել մանրանկարիչներու դպրոցները, զանոնք դասակարգելով ըստ այն ժամանակուան գրչութեան հիմնական կեդրոններուն։