- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանէն ստացանք 4 Օգոստոս 1964 թուակիր հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.- Ի գիտութիւն հաւատացեալ հայ ժողովրդեան՝ կը ծանուցենք, թէ Ս. Աթոռիս վեհափառ հայրապետը պաշտօնական հրաւէր ստացած է Եթովպիոյ կայսեր Հայլէ Սելասիէ Ա.ի կողմէ՝ մասնակցելու համար Արեւելեան ազգային ուղղափառ եւ դաւանակից քոյր եկեղեցիներու համաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Սեպտեմբեր 25-Հոկտեմբեր 5-ի ժամանակամիջոցին, Ատիս Ապեպայի մէջ: Կայսեր հրաւէրը Ս. Աթոռիս վեհափառ հայրապետին յանձնուեցաւ Լիբանանի մէջ Եթովպիոյ Ընդհանուր պետ՝ հիւպատոսին ձեռամբ: Յիշեալ համաժողովին հրաւիրուած են.- 1.- Ս. Էջմիածնի վեհափառ հայրապետը՝ Վազգէն Ա. կաթողիկոս: 2.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետը՝ Խորէն Ա. կաթողիկոս: 3.- Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետը  Իգնատիոս Եագուպ պատրիարք, Դամասկոս: 4.- Մալապարի (հարաւային Հնդկաստան) ասորի եկեղեցւոյ պետը՝ Տիմոթէոս կաթողիկոս: 5.- Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետը՝  Կիւրեղ պատրիարք, Գահիրէ: 6.- Եթովպիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ պետը  Բասիլիոս պատրիարք, Ատիս Ապեպա: Ս. Աթոռիս վեհափառ կաթողիկոսը ընդառաջելով կայսեր հրաւէրին՝ եկեղեցական յատուկ պատուիրակութեամբ մը պիտի մեկնի Ատիս Ապեպա եւ պիտի մասնակցի սոյն կարեւոր եւ իր տեսակէտին մէջ առաջին համաժողովին:

- Միտըլ Իսթ Էրլայնզ ընկերութեան սաւառնակով Համազգայինի Փալանճեան ճեմարանի տնօրէն՝  բազմավաստակ հանրային գործիչ ընկեր Սիմոն Վրացեան, որ մէկուկէս ամիսէ ի վեր Յունաստան կը գտնուէր հանգստանալու համար մեկնեցաւ դէպի Պէյրութ։ Ընկեր Վրացեան 15 օր մնաց Թեսաղոնիկէի Լանկատա  ջերմուկը եւ մէկ ամիս ալ՝ Աթէնքի մօտակայ Տրոսիա ամարանոցը, ուր դասաւորեց իր «Կեանքի Ուղիներով» աշխատութեան 4րդ հատորը, զոր շուտով պիտի յանձնէ տպագրութեան: