- Details
- Category: Յունական լուրեր
Յոյն քաղաքացիներու հազարաւոր կենսագրականներ ուղարկուած են Եւրոպական Միութեան անդամ-երկիրներուն համար մարդուժի ապահովութեան պարտականութիւնը ստանձնած յատուկ գրասենեակներուն մօտ: Աշխատանքի փնտռտուքին մէջ Եւրոպայի երկիրները առաջին նախընտրութիւն կը կազմեն, սակայն ժողովրդականութիւն կը վայելեն նոյնպէս՝ Աւստրալիան եւ Ծոցի երկիրները:
- Details
- Category: Յունական լուրեր
ԽԻՍՏ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՎԱՐՈՒԵՑԱՆՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ
Եւրոպական Միութենէն ներս որպէս քաղաքականութեան կիրարման վերադարձ բնորոշուեցաւ երէկ գիշերուան ժամը 10ին Պրիւքսելի մէջ կայացած համաձայնութիւնը:
- Details
- Category: Յունական լուրեր
Այսօր կէսօրուան ժամը 2ին կը սկսին Յունաստանի տնտեսական ճգնաժամի քննարկման նիւթով հրաւիրուած գագաթնաժողովի աշխատանքները:
- Details
- Category: Յունական լուրեր
Europa league ոտնագնդակի մրցաշրքի ծիրէն ներս յայտնի դարձան քուէարկութեան արդիւնքները, որոնց հիմամբ՝ յունական ՓԱՕՔ խումբը պիտի մրցի Հայաստանի բաժակակիր ՄԻՔԱի կամ նորվեկիական խումբի մը դէմ:
- Details
- Category: Յունական լուրեր
Ջերմ մթնոլորտի մէջ անցած են ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հանդիպումները Յունաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Ան տեսակցութիւններ ունեցած է հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի, վարչապետ Եորղոս Փափանտրէուի, արտաքին գործոց նախարար Սթաւրոս Լամպրինիտիսի, տնտեսութեան նախարար Էվանկելոս Վենիզէլոսի հետ: