1964 - 2014 յուշամատեանի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ 24 Հոկտեմբեր 2014ին, Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վերա Եագուպեան, որ նշեց, թէ յիսնամեակը դպրոցին ջամբած ազգային ոգին եւ նուիրեալ հայու վերարժեւորման առիթ է:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարի Հարֆ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ ըստ ամերիկեան օրէնքին, Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը չէ, հակառակ ՔԱԿ-ի հետ իր առնչութեան:

Պաշար Ալ Ասատի սուրիական ուժերը ռազմական եւ կազմակերպչական աջակցութիւն կÿընձեռեն քիւրտերու պաշտպանութեան գործին մէջ, զօրակցելով Քոպանիի մէջ իսլամականներուն դէմ պայքարող խումբերուն: Այս յայտարարութիւնը կատարեց Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Ալ Զոհպի:

Կեդրոնական Գերմանիոյ Ռայնալթ-Ֆալց եկրամասի Քօպլէնց քաղաքի յարակից Նոյվիտ քաղաքի մայր հրապարարակին վրայ, Նոյվիտի Հայ Համայնքի նախաձեռնութեամբ եւ համայնքի նախագահուհի տիկին Ժէնիկ Չաթակի եւ Սրկ. Սայաթ Պօյաճեանի մասնաւոր ջանքերով, կանգնուեցաւ «Խաչքար» մը որը կը նուիրուի Հայոց մեծ եղեռնի բիւրաւոր զոհերուն յիշատակին:

Հոկտեմբեր 20-ի երեկոյեան, Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկչեան Վանքը առլեցուն էր Նոր Ջուղայէն, Շահինշահրէն եւ Թեհրանէն ի մի եկած ուխտաւոր հայորդիներով, ովքեր համախմբուած էին տօնելու Վանքի «Ս. Յովսէփ Արեմաթացի» եկեղեցւոյ կառուցման 350-ամեակը եւ անուանակոչութեան, միաժամանակ Ս. Ամենափրկչեան վանքի տօնը: