Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարի Հարֆ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ ըստ ամերիկեան օրէնքին, Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը չէ, հակառակ ՔԱԿ-ի հետ իր առնչութեան:

Ան աւելցուց, որ Ուաշինկթըն Անգարայի փոխանցած է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուող այդ կուսակցութեան աջակցութիւն տրամադրելու կարեւորութիւնը:

«Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը, ըստ Միացեալ Նահանգներու օրէնքին, իրաւական գետնի վրայ այլ խմբաւորում մըն է», ըսած է Հարֆ‘ աւելցնելով. «Թուրքիոյ յստակ դարձուցինք, որ կը հաւատանք, որ շատ կարեւոր է Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան աջակցիլ. այս քիւրտ զինեալները եւ փոքրաթիւ ոչ քիւրտ զինեալներ գետնի վրայ ետ կը մղեն ՏԱՀԵՇ-ը»:
Հարֆ ընդգծեց, որ ի տարբերութիւն Թուրքիոյ, Ուաշինկթըն ՔԱԿ-ի եւ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան միջեւ յստակ տարբերակում մը կը դնէ, որովհետեւ վերջինս ահաբեկչական կազմակերպութեանց ցանկին վրայ չի գտնուիր:
Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան զինեալ թեւը՝ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերն ու կիներէ բաղկացած անոր թեւը՝ Կիներու պաշտպանութեան ուժերը ետ կը մղեն ՏԱՀԵՇ-ի՝ Թուրքիոյ սահմանակից Արաբունար քաղաքին դէմ կատարած յարձակումները: