Ջիւան Աւետիսեանին հանդիպեցայ Կիպրոս, երբ հրաւիրուած էր Համազգային մշակութային միութեան կողմէ, որպէսզի ներկայացնէ իր բեմադրած եւ պատրաստած «Թեւանիկ» ժապաւէնը:

Էրտողան, Տաւութօղլու եւ Չաւուշօղլու հելլէնական շառաչուն ապտակով մը սկսան իրենց կառավարման նոր շրջանը: Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունումով, Յունաստանը Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ու անոր միջազգայնացման ճիգերուն խթան հանդիսացաւ, միեւնոյն ատեն յստակ պատգամ մը փոխանցելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն՝ վերջ տալու արդէն իսկ բազմիցս ապացուցուած իր ուրացման քաղաքականութեան:

Օրեր առաջ Թուրքիոյ նորընտիր նախագահը կատարեց սահմանադրական իր երդումը եւ ստանձնեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան գլխաւոր պաշտօնատարի պատասխանատուութիւնը:

Հոս հարցադրել թէ, յառաջիկայ Ապրիլեան ձեռնարկներու հրաւէր մը, յանձնուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող, համեմատաբար աւելի անծանօթ հայորդիի մը կողմէ, կրնար ազդե՞լ այդ հրաւէրի առաջնահերթութեան եւ կարեւորութեան վրայ

Ճես Օլսըն «Տը Հաֆինկթըն Փոսթ»-ի մէջ կը, գրէ, որ Հիւսիսային Իրաքի մէջ բնակող եւ շատ ծանօթ չեղող կրօնական փոքրամասնութեան՝ եզիտիներուն դիմագրաւած ճգնաժամը արեւմուտքցի մարդասէրներու ուշադրութեան արժանացաւ։ Դարերէ ի վեր Նինուէ շրջանին մէջ բնակող եւ անծանօթ հաւատքի մը հետեւորդները ապաստանեցան անմարդաբնակ Սինճար լեռ՝ սպասելով օտար ուժի մը կողմէ փրկութեան։