Օրեր առաջ Թուրքիոյ նորընտիր նախագահը կատարեց սահմանադրական իր երդումը եւ ստանձնեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան գլխաւոր պաշտօնատարի պատասխանատուութիւնը:

Էրտողանի սահմանադրական երդման եւ պաշտօնի ստանձնման արարողութիւններուն ու հանդիսութիւններուն, երկրագունդի մեծ թիւով պետութեանց կարգին մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը, ըստ պաշտօնի եւ պատշաճի, դիւանագիտականօրէն ներկայացուց Հայաստանի նախագահն ու հայոց պետականութիւնը՝ արարողապէս ներկայ գտնուելով Թուրքիոյ նորընտիր նախագահը շնորհաւորող կամ ողջունող օտար պետական հիւրերու շարքին:
Թէեւ Հայաստանի ընդդիմադիր դաշտէն վերապահութիւններ յայտնուեցան մեր երկրի արտաքին գործոց նախարարին մասնակցութեան մասին - որոշապէս ՀՅԴ բանբեր մը յայտարարեց, թէ «Դաշնակցութիւնը ողջունելի չի նկատեր» Է. Նալբանդեանի այցը. այսուհանդերձ, Հայաստանի նախագահը անխռով յանձնարարեց իր արտաքին գործոց նախարարին, որ իր գործը ի կատար ածէ…
Աւելի՛ն. լրատու աղբիւրները կը հաւաստիացնեն, որ նշանակալից այս առիթով, Հայաստանի նախագահին անունով, նախարար Նալբանդեան յառաջիկայ Ապրիլ 24-ին Երեւան այցելելու եւ Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի արարողութեանց ներկայ գտնուելու պաշտօնական հրաւէր փոխանցած է Թուրքիոյ նորընտիր նախագահին:
Թերեւս մենք ենք մեղաւորը, որ չենք հասկնար Հայաստանի նախագահին վարած այս աստիճան վերին ու բարձրագոյն մակարդակի՝ դիւանագիտութիւնը: Հայաստանի նախագահին որոշումով, Հայաստան ոչ միայն արարողակարգային առումով մասնակցութիւն բերաւ Թուրքիոյ նորընտիր նախագահին պաշտօնի ստանձնումը շնորհաւորելու կամ ողջունելու հանդիսութեանց, այլեւ պր. Էրտողանին նուիրեց Հայ դատի պահանջատիրութեան դէմ օգտագործելի դիւանագիտական փայլուն յաղթաթուղթ մը…
Այո՛, նախագահ Էրտողան միայն օգուտ կրնայ քաղել Մեծ եղեռնի 100-ամեակի երեւանեան հան- դիսութեանց ներկայ գտնուելու նախագահ Սար- գըսեանի պաշտօնական հրաւէրէն:
Ինչպէ՞ս:
Առաջի՛ն. եթէ Էրտողան որոշէ չընդառաջել հրաւէրին, ոչ ոք իրաւունք ունի բռնելու անոր օձիքէն եւ հաշիւ պահանջելու, թէ ինչո՛ւ չÿընդառաջեր…
Ի վերջոյ դիւանագիտական աշխարհի խաղականոններուն համաձայն նոյնիսկ անպատշաճ է, որ հրաւիրեալի մը ստիպես, թէ անպայման ընդունի հրաւէրդ, մանաւանդ եթէ զինք անյարմար դրութեան կը մատնես… հրաւէրովդ: Չմոռնանք, որ նախագահ Էրտողան ամբողջ կեանք մը երդում-պատառ եղած է աշխարհին տարհամոզելու համար, թէ՝ իր հայրերը ցեղասպանութիւն գործած չեն հայ ժողովուրդին դէմ, թէ թուրքը կրօնով իսկ չի կրնար ցեղասպանական ոճիր գործել, թէ՝ 1915-ին եղածը ցաւալի սպանդ էր, որուն զոհ գացին հաւասարապէս ե՛ւ հայեր, ե՛ւ թուրքեր, ե՛ւ այլ ազգութիւններ: Հետեւաբար, նոյնիսկ եթէ չընդառաջէ Հայաստանի նախագահի հրաւէրին, Թուրքիոյ նորընտիր նախագահը կրնայ ամենայն շնականութեամբ շնորհակալութիւն յայտնել Երեւանի հրաւէրին համար եւ արար-աշխարհին անգամ մը եւս հրամցնել հայասպանութեան ուրացման իր ծանօթ բացատրութիւնները, անոնց նորովի արծարծման եւ քարոզչութեան ծառայեցնելով իրեն ուղղուած Մեծ եղեռնի 100-ամեակի ոգեկոչման ներկայ գտնուելու հրաւէրը:
Երկրորդ. բացառուած չէ, որ նախագահ Էրտողան կրնայ նաեւ որոշել, որ ընդառաջէ Երեւանի հրաւէ- րին, բայց այդ մէկը կատարէ ֆութպոլային դիւանագիտութեան խաղականոններով‘ գնդակը ետ նետելով հակառակորդի դարպասին կողմը:
Այսինքն պր. Էրտողան կրնայ, յաչս մեծապետական աշխարհին եւ միջազգային հանրութեան, պատմական մեծ քայլի մը վերածել 24 Ապրիլ 2015-ին Ծիծեռնակաբերդ իր դիւանագիտական այցը, ա- ռանց որ էապէս ճանչնայ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը:
Այսինքն պր. Էրտողան կրնայ, նախագահ Օպամայի նման, իր կարգին «Արհաւիրք» եւ «Մեծ եղեռն» անուանել 1915-ի ահաւոր հայասպանութիւնը, նոյնիսկ Իթթիհատն ու Աթաթուրքը յանցագործ յայտարարել, բայց ըստ ամենայնի մերժել, որ գործուած ցաւալի ոճիրը հայութեան դէմ եւ թրքութեան կողմէ կազմակերպուած ցեղասպանութիւն է: Ամէն պարագայի, քաղաքական կեանքի մէջ, հաւանական բեմագրութիւններու զինանոցը սահմանափակում չի ճանչնար:
Յատկապէս Էրտողանի «որակ»-ով ճարտար ու հնարամիտ քաղաքական գործիչը ի վիճակի է, բեմագրութիւններու փոխընտրութեամբ, Հայաստանի նախագահին ուղղած Մեծ եղեռնի 100-ամեակի հրաւէրը ծառայեցնելու անձնապէս իր եւ թրքական պետու- թեան միջազգային վարկի բարձրացման…
Բայց ի՛նչ ալ ըլլայ Երեւանեան հրաւէրին ճակա- տագիրը, մտահան պէտք չէ ընել, թէ իրաւատէր հայութիւնը գործ ունի Թուրքիոյ նորընտիր նախագահի մը հետ, որ 21-րդ դարու ոճով «Ճիհատ» յայտարարած է «Հայկական պահանջատիրութեան» դէմ:
Պատահականօրէն չէր, որ նախագահական իր ընտրապայքարի բուռն պահերէն մէկուն ընթացքին, պր. Էրտողան ամբոխավարական բարկութեամբ յայտարարեց, թէ «վիրաւորական» կը գտնէ իր ընդդիմախօսներուն կողմէ իրեն ուղղուած «հայ» անուանարկումը…
Ստուգապէս չենք գիտեր, թէ պր. Էրտողան ի՞նչ մտատիպարով կը պատկերացնէ «հայ»-ը, որ ա՛յդ աստիճան «վիրաւորական» կը նկատէ այլապէս հպարտութիւն առթելու ամէն տուեալ ներշնչող «Հայ» անունը: Բայց ստուգապէս գիտենք, որ հայ մարդիկ երկար ճամբայ կտրեցին հայութեան դէմ թրքական պետութեան կազմակերպած ու գործադրած Ցեղասպանութենէն ու Հայաստանի կործանումէն ասդին, որպէսզի ամէն թուրք թշնամի չնկատեն հայուն, ոչ ալ ցեղապաշտ ու հայամերժ թրքութեան մեղքը տարածեն ամէն թուրքի վրայ:
Եթէ հայ մարդիկ կամ հայ քաղաքական գործիչներ վիրաւորուած կը զգան, երբ զիրենք «թուրք» կ՛անուանեն իրենց հայ ընդդիմախօսները, պատճառը դառն ու դաժան գիտակցութիւնն է, թէ գոյութիւն ունի «թուրք»-ի այն տեսակը, որ անարգ ու դաւադիր չարագործ է, եւ որուն ձեռքը, խիղճը եւ յիշողութիւնը դեռ չեն մաքրուած բարբարոսաբար հեղուած անմեղ հայերու՝ մանուկներու եւ ալեւորներու, մայրերու եւ դուստրերու արիւնէն: Պարզ է, որ Էրտողան «թուրք»-ը տիպական ներկայացուցիչներէն մէկն է Ցեղասպան թրքական պետութեան: Բայց պարզ չէ Էրտողան «հայ»-ուն մտատիպարը: Թուրքիոյ նախագահը ի՞նչ կը տեսնէ նահատակուած «հայ»-ուն մէջ, որ այդքա՜ն կը վիրաւորուի, երբ զինք «հայ» կ՛անուանեն իր թուրք ընդդիմախօսները:

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ