Նոր տարուայ շեմին, երբ հրաժեշտ ենք տալիս հին տարուն, սկսելու, կամ աւելի ճիշդ, շարունակելու մեզ նախատեսուած մէկ այլ օրերի ու ամիսների շարան, ամբողջացնելու մէկ այլ տարի, ներքին մի յուշ իւրաքանչիւրիս տանում է ետ, յատկապէս մանկութիւն, սպասումներով, թաքուն ձգտումներով լեցուած, արդէն վաղուց ապրուած երազային մի գեղեցիկ օր, որը Նոր Տարի, Կաղանդ, Ամանոր, անունն էր կրում:

Անցեալների քաղցրութեամբ,
Ու ներկայի բերկրութեամբ
Երազում եմ Նոր Տարւայ ձիւնոտ երեկոն,
Երբ լոյսերը ցոլում էին,
Քո աչքերը փայլում էին
Սիրոյ պատմութեամբ:

(ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿԱՐՍ ԵՒ ԱՆԻ)

Նարեկացիի «Հաւուն հաւուն» շարականը այսքան քաղցր ու հրեշտակային մեկնաբանութեամբ լսած չէի երկար ատենէ ի վեր։ Լուսինէ Զաքարեանի մեկնաբանութիւնը զիս այնքան կլանած էր, որ չէի ակնկալեր նմանատիպ, այդ որակին մօտեցող, առնուազն զայն յիշեցնող մեկնաբանութիւն մը։

(Երուսաղէմ-Էջմիածին վէճը)

Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական երկու աթոռներու՝ Հայկական Երուսաղէմի եւ Էջմիածինի միջեւ սկսած ու շարունակուող անհամ վէճին ու փոխադարձ պախարակումներուն ծանր մթնոլորտը կը ծանրացնէ նաեւ գրիչը ՝ դժուարացնելով խառն մտածումներ դասաւորելու եւ զանոնք գիրի վերածելու փորձ մը :

Վերջին քանի մը օրերուն հայ մամուլի եւ համացանցի լուսարձակները իր վրայ կեդրոնացուցած է Հասան Ճէմալ անունով թուրք մտաւորական մը, որ շաբաթ մը առաջ Երեւան այցելած էր եւ հրապարակային երկու ելոյթներ ունեցած էր, որոնք առիթ ծառայեցին բողոքի ու բանավէճի բուռն ալիքի մը շղթայազերծման։