Մա­րու­թայ սա­րի վրայ ար­ձա­կուրդ

Ծե­րու­նին կ­՚եր­գէ քրտա­կան Կու­լօ եր­գը։ Բարձր ու յստակ ձայ­նով կ­՚եր­գէ եր­կար «ամ­ման»ներ, ո­րոնք ան­գամ մը եւս պատ­մո­ւող հին ող­բեր­գու­թեան մը հա­մա­հունչ են։ Այդ ող­բեր­գու­թիւ­նը կը վե­րա­բե­րի Կիւ­լի­զա­րի՝ ե­րի­տա­սարդ հա­յու­հիի մը, որ քիւր­տի մը կող­մէ ա­ռե­ւան­գո­ւած էր եւ ա­մէն ջանք թա­փած է քրիս­տո­նեայ մնա­լու հա­մար։

Եր­գե­ցո­ղու­թեան ներ­կա­յա­ցու­մը, որ ող­բեր­գու­թեան հե­րո­սու­հին պա­տո­ւե­լու հա­մար էր, ուն­կըն­դիր­նե­րը քիչ մը ցնցեց։ Ներ­կա­նե­րէն ով կրնար ե­րե­ւա­կա­յել լսել Գոմ­քի վեր­ջին քա­հա­նա­յի շա­ռա­ւիղ­նե­րէն հայ գիւ­ղա­ցի մը, որ 125 տա­րի ետք իր մօր մեծ մօր ա­նու­նը կու տայ։ Մա­նա­ւանդ այս­տեղ, Մա­րու­թա սա­րի լան­ջե­րուն, 2975 մեթր բարձ­րու­թեան վրայ գտնո­ւող եւ ամ­բողջ Սա­սու­նին հսկող գա­գա­թին այս­քան մօտ։
Այդ­տեղ ի՞նչ ը­նե­լու գա­ցած էինք. ուխ­տագ­նա­ցու­թեան։ Խում­բի ե­րի­ցա­գոյն ան­դա­մին նա­խա­պէս Թուր­քիա կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին յղա­ցած այս գա­ղա­փա­րը ա­նակն­կա­լի բե­րած էր սա­սուն­ցի Պե­սէն, որ ե­րեք տա­րե­կա­նէն ի վեր Պո­լիս բնա­կող սա­սուն­ցի մըն է։ Ըստ ա­նոր, ա­մէն տա­րի Յու­նիս ամ­սո­ւան վեր­ջա­ւո­րու­թեան, Վար­դա­վա­ռի տօ­նի առ­թիւ ե­րե­ւու­թա­պէս իս­լամ մար­դիկ կը մագլ­ցին լե­ռը հայ­կա­կան հին մա­տու­ռին մէջ ա­ղօ­թե­լու հա­մար քրիս­տո­նեա­նե­րու հետ։ Այդ ի­րո­ղու­թիւ­նը մե­ծա­պէս հե­տաքրք­րեց խմբա­կը, որ ո­րո­շեց այդ ե­րե­ւոյ­թը տես­նել։ Էջք կա­տա­րե­ցինք Ա­նա­տո­լո­ւի ա­րե­ւել­քը գտնո­ւող Պաթ­մա­նի մէջ։
Գիւ­ղին մէջ գտնո­ւող պան­դոկ մը գա­ցինք եւ շու­տով Յու­նի­սի գե­ղե­ցիկ մէկ ա­ռա­ւօ­տուն փոքր փո­խադ­րա­կառ­քով մեկ­նե­ցանք դէ­պի Սա­սուն։
Ուխ­տագ­նա­ցու­թեան ղե­կա­վա­րի, ա­ռաջ­նոր­դի եւ թարգ­մա­նի դե­րը ձրիա­բար ստանձ­նած Պե­սէի կող­քին մե­զի հետ էր Պո­լի­սէն ա­նոր հայ ըն­կե­րու­հի­նե­րէն մէ­կը՝ Ա­նին, որ միայն թրքե­րէն կը խօ­սի եւ 11 տա­րիէ ի վեր ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կ­՚այ­ցե­լէ իր ծննդա­վայ­րը եւ ըն­տա­նե­կան պար­տա­ւո­րու­թեան տակ է այ­ցե­լե­լու իր եր­կու քոյ­րե­րուն, ո­րոնք ոչ յստակ պայ­ման­նե­րու տակ ա­մուս­նա­ցած են իս­լամ­նե­րու հետ։ Մե­զի հետ է նաեւ Հա­յաս­տա­նէն Ս­թե­լան, որ ACBA դրա­մա­տան մէջ աշ­խա­տող հո­ղա­գոր­ծու­թեան ճար­տա­րա­գէտ է եւ հա­մա­ցան­ցին վրայ դէպ­քին մա­սին լսե­լով մե­զի միա­ցած է Յու­նաս­տա­նէն, ուր կ­՛անց­նէր իր ար­ձա­կուր­դը։ Փոքր փո­խադ­րա­կառ­քի ե­տե­ւը նստած են եր­կու քիւր­տեր, ո­րոնք պտոյ­տին կը մաս­նակ­ցին։ Ա­ռա­ջի­նը՝ Պեհ­ճեթ, դպրո­ցի ու­սու­ցիչ եւ լու­սան­կա­րիչ է, որ մե­ծա­պէս հե­տաքրք­րո­ւած է Սա­սու­նի բնու­թեամբ ու մշա­կոյ­թով եւ ա­նոր յատ­կա­ցո­ւած կայ­քէջ մը ու­նի sasun.org։
Երկ­րոր­դը՝ Հա­քա­նը, որ անգ­լե­րէն կը խօ­սի, Պաթ­մա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին մէջ պաշ­տօ­նեայ է եւ ե­րի­տա­սարդ ձա­խա­կող­մեան մըն է, որ յա­ռաջ­դի­մա­կան գա­ղա­փար­ներ ու­նի։ Վեր­ջա­պէս վա­րորդն է՝ մե­ծա­յարգ Իլ­հա­մի Մուխ­թար Իս­մե­թը՝ մուխ­թա­րը կամ իշ­խա­նու­թեան ընտ­րո­վի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, որ պա­տաս­խա­նա­տու է նա­խակր­թա­րա­նի կրթու­թեան, հա­սա­րա­կա­կան ա­ռող­ջու­թեան եւ Սա­սու­նի վար­չա­կան գետ­նի վրայ Պաթ­ման նա­հան­գին, ուր տա­կա­ւին հայ քրիս­տո­նեայ ըն­տա­նիք­ներ կ­՚ապ­րին: Սաս­նոյ գիւ­ղե­րէն Փիր­չեն­քի մէջ հայ քրիս­տո­նեայ ըն­տա­նիք­ներ կ­՚ապ­րին։ Ան շրջա­նի այն բնա­կիչ­նե­րէն է, որ հա­կա­ռակ Մարտ 2013-ին հաս­տա­տո­ւած զի­նա­դա­դա­րին մաս կը կազ­մէ 65 հա­զար հա­շո­ւող «գիւ­ղի պա­հակ­նե­րու»-ն, ո­րոնց պար­տա­կա­նու­թիւ­նը Քիւր­տիս­տա­նի Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան Կու­սակ­ցու­թեան (ՔԱԿ) դէմ պայ­քա­րիլն է։
Սա­սուն գիւ­ղին մէջ կարճ ժա­մա­նա­կով կանգ առ­նե­լէ ետք, հա­սաւ պա­հը մուտք գոր­ծե­լու ա­ռաս­պե­լա­կան բարձ­րա­ւան­դա­կը։
Կը մտա­ծենք Սա­սուն­ցի Դա­ւի­թի մա­սին, 10-րդ դա­րու հայ­կա­կան դիւ­ցազ­ներ­գու­թեան մա­սին, ո­րուն դղեա­կը քիչ մը ա­ւե­լի հե­ռու է, ար­ծի­ւի մը բոյ­նէն վեր» եր­կու աղ­բիւր­նե­րու խաչ­մե­րու­կին «ճիշդ ինչ­պէս պատ­մու­թեան մէջ նշո­ւած է»: Կը պատ­կե­րաց­նենք ֆե­տա­յի­նե­րը, հնչա­կեան կամ դաշ­նակ­ցա­կան, մէ­կը միւ­սին կպած ձիւ­նին մէջ պաշտ­պա­նո­ւե­լու հա­մար բու­գէն ։ Կը յի­շենք այն պա­հը, երբ Սաս­նոյ տղա­մար­դի­կը, կի­ներն ու մա­նուկ­նե­րը, 1915-ին ի­րենց բարձ­րա­դիրք գիւ­ղե­րէն դի­տե­ցին Մ­շոյ դաշ­տին ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հրկի­զու­մը, ո­րոնց մէջ հա­ւա­քո­ւած էր տեղ­ւոյն բնակ­չու­թիւ­նը։ Այդ բնակ­չու­թե­նէն փոքր­ թիւ մը, ափ մը զի­նեալ կա­մա­ւոր­նե­րու կող­մէ ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լով յա­ջո­ղե­ցան միայն ա­զա­տիլ ջար­դէն:
Հե­տե­ւե­լով Սա­սուն գե­տի հու­նին, ճամ­բան կը հան­դի­պինք եր­կար ձո­րե­րու խառ­նի­ճա­ղան­ճի մը, ո­րոնք ի­րար­մէ ան­ջատ են։ Քիչ մը բարձ­րա­նա­լով կը հաս­նինք կիր­ճե­րու՝ եր­բեմն անց­նե­լով գիւ­ղե­րու մօ­տէն, ո­րոնց տու­նե­րը մէկ կամ եր­կու յար­կա­նի են, ա­ռաս­տա­ղը տա­փա­րակ։ Այս­տեղ եւ այն­տեղ կ­՚ե­րե­ւի մզկի­թի մը նո­րա­կա­ռոյց մի­նա­րէն։

Սաս­նոյ Փիր­չենք գիւ­ղի հա­յե­րը

Սա­սու­նի հե­ռա­ւոր գիւ­ղե­րու եր­կա­րա­տեւ մե­կու­սա­ցու­մը, այս շրջա­նի ըմ­բոստ բնակ­չու­թիւ­նը «պատ­ժե­լու» թրքա­կան պե­տա­կան դի­տա­ւո­րեալ քա­ղա­քա­կա­նու­թի՞ւն մըն է, թէ՞ պար­զա­պէս մին­չեւ 90-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րու սկիզ­բը Ա­րե­ւե­լեան Ա­նա­տո­լո­ւի մէջ քրտա­կան նա­հանգ­նե­րու զար­գաց­ման ար­գե­լակ­ման ե­րե­ւոյթ­նե­րէն մէ­կը։ Այդ շրջան­նե­րը այ­սօր կը զար­գա­նան, վկայ՝ Պաթ­մա­նի ու­նե­ցած կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը. Պաթ­մա­նը 500 հա­զար բնակ­չու­թիւն ու­նե­ցող քա­ղաք մըն է այ­սօր, որ հիմ­նո­ւած է 1946-ին, քա­րիւ­ղի դաշ­տե­րու յայտ­նա­բե­րու­մէն ետք։ 
Վե­րոն­շեալ դի­տա­ւո­րեալ մե­կու­սա­ցու­մը կրնայ բա­ցատ­րու­թիւն մը տալ, թէ ին­չու շրջա­նի կարգ մը բնա­կիչ­ներ կա­րո­ղա­ցած են մին­չեւ ար­դի ժա­մա­նակ­ներ պա­հել ի­րենց հին ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը։ Այս լեռ­նե­րուն վրայ գտնո­ւող հա­յեր տա­կա­ւին կը պահ­պա­նեն ի­րենց քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատքն ու ի­րենց «լե­զուն»։ Ան­տո­լո­ւի մէջ գտնո­ւող հա­յե­րէն միայն Սա­սու­նի հա­յերն են, ո­րոնք տա­կա­ւին կը խօ­սին հա­յե­րէն բար­բառ մը։
Փիր­չեն­քը Սա­սու­նի պաշ­տօ­նա­պէս հա­յե­րով բնա­կո­ւած միւս գիւ­ղին՝ Քո­նե­քի նման ճամ­բուն վեր­ջա­ւո­րու­թեան կը գտնո­ւի։ Ա­նոնք կա­ռու­ցո­ւած են ձո­րին խո­րը՝ Մա­րու­թայ լե­րան ստո­րո­տը։
Մէկ եր­կու հայ քրիս­տո­նեայ ըն­տա­նիք­ներ ձմե­ռը տա­կա­ւին այս­տեղ կ­՚ապ­րին։ Ա­նոնց վրայ կ­՚ա­ւել­նան «հա­ւա­տա­փոխ­նե­րու» տու­նե­րը։ Ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ո­րոնք աշ­խա­տան­քի հա­մար մեկ­նած են Պո­լիս ի­րենց ար­ձա­կուրդ­նե­րուն կը վե­րա­դառ­նան գիւղ։
Ք­սան կամ ե­րե­սուն տա­րի ա­ռաջ Փիր­չեն­քի մէջ բո­լոր գիւ­ղա­ցի­նե­րը հայ­կա­կան ծա­գում ու­նէին, եւ ըստ գրա­ւոր վկա­յու­թեանց գիւ­ղը 1915-ին բաղ­կա­ցած էր 15 տու­նե­րէ՝ իւ­րա­քան­չիւր տան մէջ 8-10 բնա­կիչ­նե­րով, սա­կայն 1915-էն մէկ տա­րի ետք գիւ­ղին մէջ միայն շուրջ 15 վե­րապ­րող­ներ կը գտնո­ւէին։ Փիր­չեն­քի մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցած է նոյ­նիսկ գե­րեզ­մա­նա­տուն մը եւ ե­կե­ղե­ցի մը, ո­րուն հի­մե­րը դժո­ւար նշմա­րե­լի են։ Ա­նոնք ո­րոնք ներ­կա­յիս հոն կը բնա­կին Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա. պա­տե­րազ­մէն ա­ռաջ ապ­րող­նե­րուն ժա­ռան­գորդ­նե՞րն են։ Այդ մէ­կը քիչ հա­ւա­նա­կան է։ Ի­րո­ղու­թեան մէջ Սա­սու­նը քե­մա­լա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին վե­րի­վայ­րում­նե­րով լե­ցուն պատ­մու­թիւն մը ու­նե­ցած եւ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու մեծ տե­ղա­փո­խու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցած են։ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­թաց­քին, ինչ­պէս նաեւ 1920-ա­կան եւ 1930-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն քրտա­կան շրջան­նե­րը ցնցած Շէյխ Սաա­յի­տի (1925), Ա­րա­րա­տի (1930) եւ Տեր­սի­մի (1936-38) ըմ­բոս­տու­թիւն­նե­րէն ետք, եւ ա­նոնց յա­ջոր­դած բռնաճնշում­նե­րու ըն­թաց­քին Իս­մեթ Ի­նէօ­նի­ւի թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը 1934-էն ի վեր ոչ միայն Սա­սու­նի քիւր­տե­րը, այլ նաեւ ա­րաբ­նե­րը եւ ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած հա­յե­րը տե­ղա­հա­նած է։ 
Ող­բեր­գա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը, որ լա­ւա­պէս չէ փաս­տագ­րո­ւած, մաս­նա­ւո­րա­բար ինչ կը վե­րա­բե­րի զո­հե­րուն թի­ւին, տեղ­ւոյն յի­շո­ղու­թեան վրայ հետք ձգած է։
Սա­կայն այժմ լա­լու պահ չէ։ Զի­րար կը շնոր­հա­ւո­րենք, կը մտեր­մա­նանք, ծե­րե­րուն ձեռ­քե­րը կը համ­բու­րենք։ Կարճ խօս­քով՝ ու­րախ ենք, թէեւ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը դժուար է, ո­րով­հե­տեւ կը բա­ւա­րա­րո­ւինք ձեռ­քի շար­ժում­նե­րով եւ կարգ մը հա­յե­րէն բա­ռե­րով։ Միւս կող­մէ՝ ե­թէ նոյ­նիսկ ա­ռանց թարգ­մա­նի կա­րո­ղա­նա­յինք զրու­ցել ին­չի՞ մա­սին կրնա­յինք խօ­սիլ, ան­ցեա­լի՞ն։ Դ­ժո­ւար թէ։ Ոչ ոք լուրջ խօ­սակ­ցու­թիւն ծա­ւա­լե­լու սիրտ ու­նի։
Սա­սու­նի մէջ ա­մառ է։ Ա­րե­ւը պայ­ծառ է, եր­կի­րը դա­լար։ Ծա­ռե­րը հա­սուն եւ մեծ պտուղ­նե­րու ծան­րու­թեան տակ կքած են։ Սեւ ու­լիկ­նե­րը եայ­լա­նե­րու մէջ կը պտտին եւ դաշ­տե­րուն մէջ բեր­քը հա­ւա­քո­ւած է։

Վա­հէ Տէր Մի­նա­սեան
«Ֆ­րանս Ար­մէ­նի»