Սուրբ Յարութեան տօնէն քառասուն օրեր ետք, Քրիստոսի համբարձման տօնն է, որը անշարժօրէն կը զուգադիպի միշտ Հինգշաբթի օրուայ։

 

«Ջան գիւլիւմ»ը յատկապէս ծաղիկի
եւ մասնաւորապէս վարդի

փառաբանութիւն է

Համբարձումը Քրիստոսի փառաւորեալ մարմնով երկինք համբառնալու յիշատակի տօնն է։ Համբարձման դէպքը տեղի ունեցած է Ձիթենեաց լերան վրայ, առաքեալներու աչքերուն առջեւ եւ այդ իսկ պատճառով լեռը կոչուած է «Համբարձման լեռ»։
Համբարձման տօնը ժողովրդական լեզուի մէջ կը կոչուի նաեւ Վիճակ։ Նոյն օրը աղջիկներ, գոյնզգոյն հագուստներ հագած, յատկապէս կարմիր ու կանաչ, զանազան խաղերով կը զուարճանան։
Հայկական կարգ մը գաւառներու մէջ, համբարձման տօնը կը կոչուի նաեւ «ջան գիւլիւմ»ի օր, որովհետեւ վիճակի համար պատրաստուած քառեակը կը վերջանայ «ջան գիւլիւմ»ով։ «Ջան գիւլիւմ»ը յատկապէս ծաղիկի եւ մասնաւորապէս վարդի փառաբանութիւն է եւ այս երեւոյթը ոմանց ենթադրել տուած է, որ Համբարձման Վիճակը եւ կամ ծաղիկ հաւաքելը Վարդավառի տօնակատարութենէն մնացած սովորութիւն է։
Համբարձման օրը կը կոչուի նաեւ «ծաղիկներ գովելու» օր։ Թէ՛ համբարձման վիճակը եւ թէ՛ «ջան գիւլիւմ»ը եւ կամ ծաղիկի գովաբանութիւնը պայմաններու բերումով մոռացութեան սկսած է մատնուիլ կարծէք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ, քիչ մը ամէն տեղ։ Կարգ մը գաղութներ տակաւին կը պահեն այս աւանդական սովորութիւնները։
Համբարձման նախընթաց օրը, Չորեքշաբթի, աղջիկներ դաշտերէն գոյնզգոյն ծաղիկներ հաւաքելով փունջը կը կազմեն, որոնցմէ մեծագոյնը խաչաձեւ ըլլալով կը  կոչուի ծաղկամէր։ Ապա փոքր կաթսայի մը մէջ ջուր կը լեցնեն եւ իւրաքանչիւրը առարկայ մը կը ձգէ մէջը եւ կուժը կամ կաթսան գաղտնի տեղ մը կը պահեն որպէսզի տղաքը չգողնան։ Յաջորդ օրը, այսինքն Համբարձման տօնին, բոլորակաձեւ կը նստին կաթսային եւ ծաղկեփունջերուն շուրջը ու կը սկսի Վիճակը։ Նախքան այդ, փոքրիկ աղջիկ մը, երեսը անթափանց քօղով ծածկուած, կը նստեցնեն խումբին մէջտեղը եւ Վիճակի կաթսան կը դնեն առջեւը որպէսզի իւրաքանչիւր երգէն կամ քառեակէն ետք առարկայ մը դուրս հանէ։ Երգող հարսներն ու աղջիկները երկու խումբի կը բաժնուին։ Առաջին խումբին մաս կը կազմեն երգել գիտցողները, որոնք երգը կþերգեն իսկ միւս խումբը երգէն ետք կը կրկնէ միայն «ջան գիւլիւմ, ջան, ջան»։ Յետոյ առարկան հանելով, երգին հետ կուտան տիրոջը։ Խաղի վերջաւորութեան ծաղիկները կը բաժնեն ներկաներուն իսկ ծաղկամէրը կը նուիրեն եկեղեցւոյ։
Վիճակի այս աւանդական սովորութիւնը մաս կը կազմէ հայոց կենցաղին, որը ինչպէս կանաչ¬կարմիր կիրակիները եւ գարնանային այլ տօնակատարութիւնները սերտօրէն կապուած են գարնան զարթօնքի, բնութեան գեղեցկութեան եւ ծաղկումին հետ։
Վիճակի առիթով յօրինուած ժողովրդական երգերն ու քառեակները ընդհանրապէս երիտասարդ աղջիկներու ապագայի մասին գուշակութիւններ են։ Վիճակի միջոցաւ կþո- րոշուի անոնց բախտն ու ճակատագիրը,  ցանկութիւններն ու ակնկալութիւնները այդ վայրկեանին արտասանուած քառեակի տպաւորութեան ներքեւ։
Տրուած ըլլալով, որ Վիճակը մենաշնորհն էր աղջիկներու, որու ընթացքին երեւան կուգային գարնանային ծառ ու ծաղիկի եւ ողջ բնութեան պաշտամունքի մնացորդները, միւս կողմէ սակայն ի յայտ կուգային անոնց ազատ ու համարձակ դէպի դաշտերը, այգիներն ու բացօթեայ վայրերը դուրս գալու, զուարճանալու, խաղեր կազմակերպելու մենաշնորհն ու իրաւունքը։
Մեր նախահայրերը ծառերու, ծաղիկներու եւ տերեւներու միջոցաւ հմայութիւններ եւ գուշակութիւններ կþընէին իսկ ծաղիկներն ու տերեւները որպէս բուժիչ դեղ կը գործածէին հիւանդութիւններու համար։
Այնուամենայնիւ, Համբարձման տօնին առիթով տեղի ունեցած խաղերն ու մանաւանդ Վիճակը իրենց վրայ կը կրեն մեր անցեալի գուշակաբուժութեան եւ հմայակահաւատութեան զօրաւոր կնիքը։
Ակադեմիկոս Ղափանցեան, Համբարձման «ջան գիւլիւմ»ը կապած է Արայի պաշտամունքին հետ։ Հայաստանի մէջ Համբարձման օրը շատեր  Ծաղկավանք կþերթան «ջան գիւլիւմ»ի տօնակատարութեան համար։ Ծաղկավանքը Քասաղ գետի ափին գտնուող Արայի սարն է, ուր  ըստ աւանդութեան հոն կը գտնուի Վարվառէ կոյսին գերեզմանը։
Արդարեւ, «ջան գիւլիւմ»ը կարելի է համարել մեր հեթանոսական շրջանի գարնանային պաշտամունքի մնացորդը իսկ Համբարձման տօնը ամէնէն շատ սիրուած տօնախմբութիւններէն մին մեր ժողովուրդին համար։
Համբարձման տօնը տօնն է բոլոր Համբարձում, Համբիկ, Համօ, Համազասպ, եւլն. անուններ ունեցողներուն։


ՎԱՐԱԳ Ա. ՔՀՆՅ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

 

Համբարձման քառեակներ

Էութեանդ ընթացքին
Չխնդացիր դու ուժգին.
Վստահ եղիր այսու յետ
Փախտըդ բացուած է յաւէտ։

Հաստատ կփցիր հաւատքիդ,
Հարուստ ըլլալ թէ կþուզես,
Աղքատին ալ բաժին տուր
Երբ կերակուր դուն կþուտես։

Պարտէզ մըն ես պաշտելի
Պտուղներով լի ու լի,
Այլ եւ այլ բուրումներով՝
Ծաղիկներդ սիրելի։

Քնքուշ լեզու քաղցրախօս,
Մէկ հատիկ ես, նազելի,
Զերթ մանուշակ, բուրահոս
Ամէն մարդու հաճելի։

Գարնան ծաղիկ, կարմիր վարդ,
Սոխակներու բոյն ես դու,
Կարմիր այտի ոսկի զարդ՝
Ինչպէս զմրուխտ, նոյնն ես դու։

Վիրաւոր թռչնակ ես
Վտարուած քու երամէդ,
Բայց պիտի խնդաս վերջապէս
Ու ազատուիս ցաւերէդ։

Մաննիկ ասեմ կը շարեմ
Տոպրակ կþածեմ, կը կարեմ,
էս աշխարհը ման կուգամ
Քեզնից լաւը կը ճարեմ։

Խնձոր մը ունիմ խածուած է,
Չորս կողմը արծաթուած է,
Եղբայրս ուզեց չտուի,
Աս իմ եարին ղրկածն է։

Վարդինծառը ծռեցի,
Վրան չարշաֆ փռեցի,
Ես Մղսիին ղարազին,
Շոֆէր տղան սիրեցի։

Աղջիկ մազերդ հիւսէիր,
Թուշդ երեսիս քսէիր,
Նստէիր բարձիս վրան,
Պլպուլի պէս խօսէիր։

Ա՜խ, եար եկո՛ւր, շուտ եկո՛ւր,
Բեռներրդ առ տուն եկուր,
Եթէ բեռ ալ չունիս նը՝
Անուշ հոգիդ առ եկուր։

Խնձոր մը տամ առ տղայ,
Առ գրպանդ դիր տղայ,
Երբ մեր դռնէն գաս անցնիս,
Մի ամչնար կեր տղայ։

Տանիք ելլելս կուգայ,
Դարվար նայիլս կուգայ,
Ուր որ աղկէկ մը տեսնեմ՝
Գրկել պագնելս կուգայ։

Գացեր ես, դարձիր եկուր,
Բեռներդ բառցիր եկուր,
Եթէ ճամբան չես գիտեր,
Աստուծոյ հարցիր եկուր։

Հայ աղջիկնե՛ր, աղջիկնե՛ր,
Ծափիկ զարկէք, աղջիկներ,
Տեսէք կուգան երգելով,
Մեր քաջերը անվեհեր։

Էս գիշեր, լուսնակ գիշեր,
Եարս պարտէզն է իջեր,
Ձեռքը դրած ականջին,
անուշ անուշ կը կանչէր։

Այգին գառ մը մտեր է,
Ակռաս ցաւ մը մտեր է,
Գացէք ըսէք մայրիկիս,
Աղջիկդ եար մը գտեր է։

Փլած եմ սիւն չունիմ ես,
Աղքատ եմ տուն չունիմ ես,
Քու անուշ սիրոյդ համար՝
Գիշերը քուն չունիմ ես։

Կայներ ես արտին մէջը,
Ոտքերդ ջուրին մէջը,
Կանչէ՛ եա՜ր, ձայնիդ մեռնիմ,
Ես եմ քու երգիդ մէջը։

Եար տո՛ւն եկուր, տո՛ւն եկուր,
Քիչ մալ դրամ առ եկուր,
Եթէ դրամ չունիս նը՝
Անուշ հոգիդ առ եկուր։

Կþերթա՞ս, Աստուած հետդ ըլլայ,
Սիրտդ ուրախ, շէն ըլլայ,
Ինչքան ալ լաւ բան տեսնես,
Թող քու աչքդ տունդ ըլլայ։

Մեր գիւղին մէջ մեծ մամա,
Աղուոր աղջիկ մը տեսայ,
Աչքերը ալ չեմ սեպեր,
Մազերուն շատ վառեցայ։