Հարիւրամեակի մուտքին, մեկնարկի մը ազդանշանին, թերեւս պէտք մըն է, գէթ հպանցիկ, մեր կտրած ճամբուն արժեւորումը կատարելը, որպէսզի յառաջիկայի ընելիքները իրենց որակով ու բովանդակութեամբ, ծաւալով ու արձագանգումով եւ յաջողութիւններով նուազ հնչեղ չըլլան, քան ինչ որ եղան մինչեւ հիմա ձեռքբերուածները: Որքան դժուար իրագործելի, նոյնքան եւ բնական սպասում մըն է ասիկա:

Աղօթքները մեր բոլոր, շարականները բոլոր,
Որ գրել ենք դարերի երկար ընթացքում
Ու մանաւանդ խաւարում միջնադարերի,
Իսկ օսմանական թուրքութեան
Անմարդկային գազանութեան
Գիշատչային բռնաբարութեան գեհենում,
Խճողակով ձեր արեան լերդնած պալարի,
Խճողակով փշրափշուր ձեր ոսկորների,
Որ Դեր Զորի աւազը չկարեց մարսել,
Որ ործկաց ու զգայռեց ամբողջ տարածքով…

Վերնագրի բառային ու խորքային իմաստը մեզ դէմ յանդիման կը բերէ անոր բաղդատական ախտաճանաչումը արդարացնելու հրամայականին առջեւ: Իրօք, գիտական-ակադեմական պահանջի ու ճանաչումի վերլուծումներ եղա՞ծ են:

Ժամանակն է գիտակցելու, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակէն հազիւ տարի մը առաջ, բոլորովին տարբեր անկիւնէ կ'ոգեկոչենք 24 Ապրիլ 1915ի անմեղ զոհերու յիշատակը, ամբողջական հատուցման մեր պահանջը ներկայացնելով աշխարհին:

Յաճախ կը խօսուի այն մասին, որ բոլոր հայերը պէտք է Հայաստան գան, որովհետեւ վաղ թէ ուշ Սփիւռքը պիտի վերանայ, օրինակ կու տան Հնդկաստանի համայնքը, կամ կ’ըսեն Սուրիահայերը ինչո՞ւ Հայաստան չեն գար, եկողները ինչո՞ւ չեն մնար եւ այլ երկիրներ կ’երթան…