«Բանալիներս տուի , որ դուռս չկոտրեն». ցնցիչ այս խօսքերով Մարտ 21-էն Քեսապէն տեղահանուած ու հեռացած տարեցները կը պատմեն եղելութիւնները: Գիւղաքաղաքը ամբողջովին ամայացած է, իսկ կողքիԳարատուրանի գիւղը մնացած մի քանի տարեցները եւս տեղանհանուեցան ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ: Գարատուրանցիներու հաւաքական երթը դէպի Լաթաքիա տեղի ունեցաւ Մարտ 22-ին: Երկու քոյրեր՝ 84-ամեայ Սաթենիկն ու 82-ամեայ Սրբուհի Թիթիզեանները չկարողացան հասնիլ դէպի Լաթաքիա հեռացող քարաւանին:
Եայլաթաղի գաւառապետութեան միջնորդութեամբ վերեւ նշուած երկու քոյրերըփոխադրուեցան հայաբնակ Վագըֆլը գիւղը: Գաւառապետ Թուրան Ելմազն ու ոստիկանապետ Աքիֆ Գըզըլքայան դիմաւորեցին իրենց եւ երեկոյեան ժամերուն հասցուցին հայկականՎագըֆլը գիւղ (Մուսա լերան միակ հայկական մնացած գիւղը):
Լաթաքիա այցելած հայրենի «Սիվիլնեթ» կայանի թղթակիցները, ինչպէս եւ Թուրքիոյ «Ակօս»ի աշխատակիցները Լաթաքիա եւ Վագըֆ գիւղի մէջ պատսպարուած հայերուն հետ տեսակցութիւններ ունեցած են, եւ նկարագրած թէ ինչպիսի պայմաններու տակ պարպուեցաւ Քեսապը...
...ԻՐԵՆՑ ԽՕՍՔԵՐՈՎ
«Վստահ չեմ՝ Երկուշաբթի էր, թէ՝ Երեքշաբթի: Մէկ շաբաթ էր, որ հայերը հեռացած էին Քեսապէն: Մօրուքաւոր, հսկայակազմ, երկար մազերով մարդիկ եկան մեր տուն: Բնականաբար սոսկացինք: Տունը խուզարկեցին. զէնք կը փնտռէին: Անոնք թրքախօս էին: Յաջորդ առաւօտեան արաբախօսներ ալ եկան ու դիմեցին մեր հարեւան Ստալինին, մեզ թարգմանելու համար: Անոնք ըսին, որ վաղը առաւօտ շուտ գալու են՝ մեզ Լաթաքիա տանեն: Այդպէս ալ եղաւ: Պատրաստ էին արդէն: Տան դուռը կողպեցի եւ բանալիները յանձնեցի իրենց: Ես գիտէի, որ մեզանից յետոյ իրենք տուն էին մտնելու: Մտածեցի՝ գոնէ բանալիով բացեն-մտնեն, դուռը չջարդեն: Մինչև սահման հասնիլը կը կարծէինք որ Լաթաքիա կ'երթանք, բայց յետոյ նկատեցինք, որ արդէն Թուրքիա հասած էինք: Մեզ ներկայացուցին «մեծ մարդուն» (գաւառապետին): Ստուգեցին մեր մատնահետքերը, արեան ճնշումը չափեցին ու անձնագրերը ցած դնելով ըսին,-«Այստեղ մի հայկական գիւղ կայ, ուր կայ եկեղեցի, ձեզ այնտեղ կը տանենք»: Ահա հիմա այստեղ ենք:
Այն հարցումին, թէ Ստալինը ինչո՞ւ չհեռացաւ Քեսապէն, անոնք յայտնեցին.
-Ան տարիքոտ է: Ըսաւ, որ եթէ մեռնիմ, այստեղ կը մեռնիմ: Այդ պատճառով ալ հրաժարեցաւ գիւղէն դուրս գալ:
-Չէինք պատկերացներ թէ քանի՞ հոգի կրնան յարձակիլ գիւղին դէմ, բայց մեզ ըսին, որ Էրտողանը բացած է ճանապարհները: Իսկապէս, եթէ ան բացած չըլլար ճանապարհները, այդքան վատ մարդիկ պիտի չկարողանային Քեսապ ևԳարատուրան մտնել: Այդ մօրուքաւոր վատ մարդիկ Թուրքիայէն եկան: Բարեբախտաբար ժողովուրդը արդեն հեռացած էր, այդ պատճառով զոհեր չունեցանք: Անոնք տուները թալանեցին: Մարդոց տան դռները կոտրեցին եւ բացին: Ժողովուրդը արդէն մեքենաներով հեռացած էր՝թողնելով տրակտորները: Այդ տրակտորներով սկսան շրջել գիւղերը:Այսուհետեւ դժուար թէ կարողանանք Գարատուրան երթալ, այնտեղ ալ պատերազմ է: Պէյրութ քոյր-եղբայրներ ունինք, կրնանք այնտեղ երթալ: Կրնանք հոս ալ մնալ, որովհետեւ գիւղացիները շատ ջերմ վերաբերում ցոյց տուին մեզի»:
Լորա Պայթար Չափար «ԱԿՕՍ»