Յունաստանի վիճակագրական սպասարկութեան (ԷԼՍԹԱԹ) հաղորդած տուեալներուն համաձայն, երկրի բնակչութիւնը 9.903.268  մարդ կը կազմէ, ըստ Մայիս 2011ի իրագործուած մարդահամարին:


Անցեալ տարի իրագործուած մարդահամարի տուեալները երէկ Երեքշաբթի օր հրապարակուեցան ԷԼՍԹԱԹի կողմէ: Յիշեցումի կարգով վիճակագրական հաստատութիւնը,  կը նշէ թէ նախորդ մարդահամարի՝ 2001ի տուեալներու հիմամբ բնակչութեան թիւը 10.964.020 էր:
Ինչպէս յայտնի դարձած է ժողովուրդի մեծ մասը կը բնակի Ատիկէի մէջ:
Մարդահամարին ընթացքին տրուած տուեալներու հիմամբ, 2008ի 4.5 միլիոն աշխատաւորներու թիւը՝ ներկայիս 500.000 հոգիի նուազում արձանագրած է: