Դատական որոշումի հիմամբ՝ Յունաստանի խորհրդարանի պաշտօնեաներուն պիտի չտրուի յաւելեալ վճարումի գումարը

Լուրջ դղրդումներ յառաջացան Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութենէն ներս, մամլոյ հրապարակումներէն ետք, որ ի յայտ բերին խորհրդարանի պաշտօնէութեան տրուող յատկացումներու խնդիրը։ Վարչապետ Անտոնիս Սամարաս արդէն պահանջք ներկայացուցած է

խորհըրդարանի նախագահ Վիրոն Փոլիտորասի՝ կրճատելու կամ զեղչելու պաշտօնէութեան տրուող բազմապատկուած յատկացումներու մասին։
Հարցը մեծցաւ, երբ մամլոյ հրապարակումներ բացայայտեցին, թէ վաւերացուած է ընտրութիւններու երկու ամսուայ շրջանին վերաբերող յատուկ յատկացում, հակառակ որ խորհրդարանը փակ էր այդ օրերուն։
Տուեալ խնդիրը լրջօրէն կը գայթակղեցնէ հելլէն հասարակութիւնը, ուր հանրային պաշտօնեաներու մեծ զանգուածը խստագոյն սեղմումներու կþենթարկուի, բան մը որ ի զօրու չէ խորհրդարանի 1300 հոգի հաշուող պաշտօնէութեան համար, որ «շոյուած» վերաբերմունքի արժանացած է միշտ...
Վարչապետ Անտոնիս Սամարասի միջամտութենէն ետք, յստակ դարձաւ թէ պաշտօնեաները պահանջած են 4000 եւրոյի յաւելեալ գումար, իւրաքանչիւրին համար, ընտրական երկու (Մայիսին եւ Յունիսին) հանգրուաններուն գծով։ Խորհըրդարանի նախկին նախագահը վաւերացուցած էր այդ գումարի յատկացումը, 75 առ հարիւրի կրճատում մը կատարելով։

Խնայողութիւն՝ բայց ոչ երեսփոխանական ինքնաշարժներուն գծով

Յունաստանի խորհրդարանի 300 երեսփոխաններէն հազիւ 35ը որոշեցին չօգտագործել «անվճար ինքնաշարժ» ունենալու իրենց իրաւունքը: Անոնցմէ 11ը նորընտիր երեսփոխաններ են, մինչ 24ը՝ հին:
Խորհրդարանին մէջ երեսփոխանական իրենց երդումը տալէ ետք, բոլոր պատգամաւորները թղթածրար մը ստացան, ուր մանրամասնօրէն արձանագրուած էր, թէ ճիշդ որո՛նք են իրենց իրաւունքները (խորհրդարանին մէջ գրասենեակ պահելու, անձնական պաշտօնեաներ զբաղեցնելու, բջիջային հեռաձայն եւ ինքնաշարժ պահելու կապակցութեամբ):
Հակառակ որ ԲՈԼՈՐ երեսփոխանները անձնական ինքնաշարժներ արդէն ունին, հակառակ նաեւ իրենց յայտարարութիւններուն, թէ խիստ խնայողութիւն պէտք է կատարել (ըստ երեւոյթին մնացեալ քաղաքացիներուն համար ի զօրու է այս պարագան միայն), անոնցմէ շատ փոքր թիւ մը միայն մերժեց ընդունիլ երեսփոխանական անվճար ինքնաշարժ պահելու հնարաւորութիւնը:

Հ.