ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ  ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ 38-ԱՄԵԱԿ

Տնտեսական տագնապի պատճառով, այս տարի տեղի չունեցաւ Յունաստանի հանրապետութեան նախագահի աւանդական դարձած հիւրասիրութիւն-հաւաքոյթը, երկրէն ներս հանրապետութեան վերահաստատման 38-ամեակին առիթով:


Ինչպէս յայտարարուեցաւ երէկ նախագահական պալատէն, նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի կողմէ դափնեպսակի զետեղումով նշուեցաւ 38-ամեայ տարեդարձը, Աթէնքի «Ազատութեան» հրապարակին վրայ:
1967-1974 եօթնամեակը նշանաւորած զինուորական խունթան տապալեցաւ 1974ին, իր ետին ձգելով ազգային խոր վէրքեր եւ ներքնապէս կազմալուծուած երկիր մը: Յունաստան առանձնացած էր միջազգային գետնի վրայ ու կանգնած՝ ներազգային պառակտման երեւոյթներու դէմ յանդիման: Իրավիճակը կը սրէր Կիպրոսի մէջ թրքական ներխուժման աղէտը եւ կղզիի երկու մասի բաժանումը:
Նախագահ Փափուլիաս մամուլին յղած իր պատգամին մէջ կÿընդգծէ, թէ «յոյն նոր սերունդներու պարտքը խունթայի դէպ պայքարած սերունդներուն հանդէպ՝ ծանր ու շարունակական է: Յունական ընկերութիւնը այսօր խոր փորձութեան մէջ է. նոր սերունդը տագնապ մը կը դիմագրաւէ, որու ստեղծումին մէջ որեւէ ձեւով դերակատար չէր: Կառչած կը մնանք յոյսին»: