«Բերիոյ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ ինչպէս միշտ, հին Հալէպի շրջանը բախումներու, հրասանդերու եւ զանազան հրթիռաձգութեան կեդրոն է:
Հետեւաբար այդ շրջանը գտնուող Ազգային առաջնորդարանը, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցին եւ այլ ազգապատկան կառոյցներ եւս ինքնաբերաբար թիրախ են հրթիռներու:
Արդարեւ, 22 Օգոստոս 2014-ի երեկոյեան ժամերուն հրասանդ մը ինկաւ եւ պայթեցաւ Ազգային առաջնորդարանի շէնքին մէկ բաժինին վրայ: Բարեբախտաբար վնասը միայն նիւթական էր:
Նշենք, որ Հալէպի դէպքերուն սկիզբէն ի վեր, վերոնշեալ կառոյցները անապահով շրջանի մէջ գտնուելնուն պատճառով չեն գործեր: Ազգային առաջնորդարանը արդէն քանի մը տարի է ի վեր տեղափոխուած է Սիւլէյմանիէ շրջանին մէջ գտնուող «Ս. Վրացեան» կեդրոնը: Ազգային առաջնորդարանին եւ Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ միջեւ գտնուող ճամբուն վրայ հրասանդի պայթումի պատճառով քանդուած շէնքի քարեր կան: