ՆԱԹՕ-ն կը յայտնէ, որ ռուսական ռազմական օդանաւերու անսովոր աշխուժութիւն նկատած է Եւրոպայի օդային տարածքին՝ շատ մօտ Եւրոպական Միութեան սահմաններուն:

Ըստ Հիւսիսատլանտեան դաշինքի՝ օդանաւերը նկատուած են Պալթիկ, Հիւսիսային, Սեւ ծովի, ինչպէս նաեւ Ատլանտեան ովկիանոսի օդային տարածքներուն վրայ Հոկտեմբեր 28-ին եւ 29-ին։
Ընդհանուր առմամբ, այս տարի ՆԱԹՕ-ն իր վերահսկողութեան տակ գտնուող օդային տարածքին մօտ ռուսական ռազմական ինքնաթիռներ նկատած է աւելի քան 100 անգամ՝ անցեալ տարուայ համամետելով՝ երեք անգամ աւելի յաճախ։
Հիւսիսատլանտեան դաշինքը իր յայտարարութեան մէջ կը շեշտէ, որ այս ինքնաթիռները վտանգ կը ներկայացնեն մարդատար օդանաւերուն համար, քանի որ ռուսական զինուած ուժերը յաճախ ազդանշաններ չեն տար թռիչքներէն առաջ: