ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման՝ ատիկա դրական քայլ նկատելով: Այդ մասին ան գրած է «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ:
«Ես կը կարծեմ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները կը համաձայնին, որ Փարիզի վեհաժողովը դրական քայլ էր.շնորհակալութիւն Ֆրանսուա Հոլլանտին», գրած է Ուորլիք:
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը եւս անդրա-դառնալով  Ֆրանսուա Հոլլանտի եւ  Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումին, ը- սած է թէ  քննարկման հիմնական նիւթը եղած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցը:
Ինչպէս յայտնի է, եռանախագահներու ներկայութեամբ անցած քննարկումները կեդրոնացած են սահմաններու խախտման դէպքերուն եւ ուժի օգտագործման պարագաներուն, յորդորելով կողմերը ըլլալ զուսպ եւ կառուցողական: