Աւելի քան 70 հոգիներու մասնակցութեամբ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Երեքշաբթի 24 Յունուարի երեկոյեան, բացումը կատարուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ գումարուող քրիստոնեայ-իսլամ միջազգային համագումարին:
Կարեւոր այս խորհրդաժողովի  նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Կ'անդրադառնանք մեր վաղուան թիւով:

Անցեալ շաբաթուանից արդէն տրուեց պաշտօնական մեկնարկը՝ Իրանի    Իսլամական խորհրդարանի (մեջլիս) 9-րդ նստաշրջանի ընտրութիւնների, երբ ՆԳՆ-ի ԿԸՅ-ի (ներքին գործերի նախարարութեան Կենտր. ընտրական յանձնաժողով) կողմից մասամբ հրապարակուեց որպէս թեկնածու արձանագրուած անձանց այն ցանկը, որով պարզուում էր, թէ ովքեր են այսպէս ասած՝ մերժուածները...

ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ վրացական  կառավարութեան միջեւ շարունակուող երկխօսութիւնը թէ՛ Թիֆլիսի մէջ, թէ՛ Ուշինկթընի մէջ Վրաստանի  դեսպանի միջոցով, նպատակ ունի ընդլայնել  հայ-վրացական համագործակցութիւնը, աւելցնել վրացական եւ հայկական ներդրումները, ինչպէս նաեւ ընդարձակել ԱՄՆ օժանդակութիւնը` խրախուսելու Վրաստանի Սամցխէ-Ջաւախքի (Ջաւախքի) շրջանէն ներս աշխատատեղերու  ստեղծումը:

Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿի մամլոյ ազատութեան ներկայացուցիչ Տունիա Միժաթովիչ անդրադարձած է Հրանդ Տինքի սպանութեան 5րդ տարելիցին, նշելով թէ ԵԱՀԿի մասնակից անդամ-երկիրները պարտին ջանք թափել, որպէսզի լրագրողներու ազատ արտայայտութեան իրաւունքը պաշտպանուի:

ԹԵԼ ԱՎԻՎ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդի նիստին սկիզբը իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ