Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿի մամլոյ ազատութեան ներկայացուցիչ Տունիա Միժաթովիչ անդրադարձած է Հրանդ Տինքի սպանութեան 5րդ տարելիցին, նշելով թէ ԵԱՀԿի մասնակից անդամ-երկիրները պարտին ջանք թափել, որպէսզի լրագրողներու ազատ արտայայտութեան իրաւունքը պաշտպանուի:

«Լրագրողներու ազատ արտայայտութեան
իրաւունքը պաշտպանելու գործին մէջ,
մենք դեռ շատ ընելիք ունինք» կ'ըսէ Տունիա Միժաթովիչ

 Խօսելով Հրանդ Տինքի դատավարութեան վճիռին մասին, Միժաթովիչ դիտել տուած է  թէ արդարութիւն հաստատուած չէ, Տինքի սպանութենէն 5 տարի ետք: «Եթէ այդ բռնարարքի յանցաւորները անպատիժ մնան, սահմռկեցուցիչ պատգամներ ուղարկուած պիտի ըլլան այսպիսի ոճիրներ հանդուրժող թրքական ընկերութեան» ըսած է ան: