Եւրոպական խորհրդարանի նոր նախագահի պաշտօնին ընտրուեցաւ եւրոպական խորհրդարանէն ներս սոցիալ- դեմոկրատներու խմբակցութեան նախագահ, գերմանացի Մարթին Շուլցը:
Շուլց ընտրուած է գաղտնի քուէարկութեամբ, 387 «կողմ» ձայներով: Ան ընտրուած է քուէարկութեան առաջին փուլէն:
Շուլց իր նոր պաշտօնի բերմամբ մտադիր է կիրարկելու եւրոպական համարկման աւելի լայն քաղաքականութիւն, տնտեսական ճգնաժամի դէմ պայքարին մէջ քաղաքական որոշումներու կայացումով:
Գերմանացին ծանօթ է իր սուր քննադատական հռետորականութեամբ: 2003 թուականին Իտալիոյ վարչապետ Սիլվիօ Պեռլուսքոնին Շուլցը անուանած էր համակեդրոնացման ճամբարի անվտանգութեան աշխատակիցի իտէալական թեկնածու...: Յետոյ ներողութիւն խնդրած էր...