ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆ
Ապրիլեան նահատակաց տօնին, 24 Ապրիլ 2012-ին, Ատրպատականի հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ՝ Թաւրիզ եւ Ուրմիա, սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ, եւ ապա հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած մէկ ու կէս միլիոն անմեղ զոհերու հոգւոց խաղաղութեան համար:
Թաւրիզի Լիլաւա հայաշատ թաղամասի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց Ատրպատականի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ՝ գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան:
Ներկայ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղելով, Հայր Սուրբը վեր առաւ մարտիրոսութեան վեհ գաղափարը, որ յանուն ազգի, կրօնքի ու հայրենիքի մարդկային ամէնէն թանկ հարստութիւնը՝ կեանքը զոհաբերելու արարքով նուիրական կը դառնայ յաջորդ սերունդներուն համար: Ապա, ան հայոց պատմութեան մէջ բարձրակէտ նկատուող ջարդերու մասին քաղուածք կատարելով, հասաւ մինչեւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, որ Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը եղաւ, մինչեւ այժմ անպատիժ մնացած:
Խօսելով Ապրիլ 24-էն մեզի եկող պատգամի մասին, կաթողիկոսական փոխանորդը շեշտեց աշխարհի հայութիւնը միաւորող «շաղախ»ին՝ Հայկական Պահանջատիրութեան կարեւորութիւնը:
Պատարագէն անմիջապէս ետք, թափօրը դուրս եկաւ եկեղեցիէն, եւ դրօշակի արարողութեամբ, «Արարատ»ի Թաւրիզի մասնաճիւղի սկաւուտական շարքերով առաջնորդուեցաւ դէպի Ապրիլեան Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր պաշտօն, վասն առաւել քան մէկուկէս միլիոն նահատակացն ազգիս հայոց:
Տեղի ունեցաւ ժողովրդային ծաղկեմատոյց:
Թաւրիզի Պատանեկան Միութեան անդամներու բացօթեայ ցուցահանդէսը, պատանիներու աշխատանքով իրականացուած էր եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս: Այնտեղ ցուցադրուած էր «Հայոց Ցեղասպանութեան քարտէզ»ը, նշելով այն շրջանները Արեւմտեան Հայաստանի, ուր գլխաւորաբար կեդրոնացած էին կոտորածները:
Նոյն օր առաւօտեան, Ուրմիայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ եւս մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին կողմէ: Ապա, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Յուշարձանին առջեւ, եւ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ծաղկեմատոյց:
Երեկոյեան ժամը 6-ին, եկեղեցւոյ սրահին տեղի ունեցաւ Ապրիլեան ձեռնարկ:
ՍՊԱՆԻԱ
ՄԱՏՐԻՏ
Հայոց Ցեղասպանութեան 97-ամեայ տարելիցին նուիրուած միջոցառումներու շարքը Սպանիոյ մէջ սկսաւ Ապրիլ 22ին: Կիրակի օրը մայրաքաղաքի Iglesia de las Carmelitas եկեղեցւոյ մէջ կատարուե- ցաւ Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստի պաշտօն, որուն յաջորդեց մատրիտահայութեան ծխական խորհուրդի ուժերով կազմակերպուած սգոյ հանդիսութիւն:
Ապրիլ 24-ին Սպանիոյ ՀՀ դեսպանատան մէջ կազմակերպուեցաւ Մեծ Եղեռնի 97-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման արարողութիւն: Յիշատակման խօսքով հանդէս եկաւ Սպանիոյ մօտ ՀՀ հաւատարմատար Խորեն Տէրտէրեանը: Քահանայ Տէր Մասիս Գույումճեանը կատարեց հոգեհանգստի պաշտօն: Տեղի ունեցաւ սպանացի ականաւոր գրող եւ լրագրող Խոսէ Անտոնիօ Գուռիարանի Հայկական հարցին նուիրուած «Ռումբը» գրքի հայերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը: Հեղինակը հանդէս եկաւ շնորհակալական խօսքով, արտայայտեց իր խորին համակրանքը Հայաստանի եւ հայ ազգի նկատմամբ, վերահաստատեց իր անվերապահ պատրաստակամութիւնը աջակցելու Հայաստանին` հասնելու Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման: Ան համոզում յայտնեց, որ համադրուած ջանքերով եւ նպատակասլաց աշխատանքով մօտ ապագային հնարաւոր պիտի դառնայ հասնիլ այդ նպատակին:
ՊԱՐՉԵԼՈՆԱ
Նույն օրը Պարչելոնայի Մարէ տէ Տեու տելս Անխելս եկեղեցւոյ մէջ սուրբ պա-տարագ կատարուեցաւ Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին: Հոգեհանգիստը կատարեց Սպանիոյ հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ տէր Սասուն վարդապետ Զմրուխտեանը: Հոգեւոր քարոզով եւ զօրակցութեան խօսքերով ելոյթ ունեցաւ Պարչելոնայի կաթոլիկ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ հայր Ռաֆայէլ Մենտէս Էլինը:
ՎԱԼԵՆՉԻԱ
«Արարատ» հայկական միութեան նախաձեռնութեամբ վալենսահայութիւնը համախամբուեցաւ Միսլատայի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող «Կենաց խաչ» յուշարձանի մօտ, ուր ծաղիկներ զետեղուեցան, մոմեր վառուեցին եւ խունկ՝ Մեծ Եղեռնի 97-րդ տարելիցի կապակցութեամբ:
ՉԵԽԻԱ
Հայոց ցեղասպանութեան 97-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս Ապրիլ 24-ի առաւօտեան Չեխիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան եւ խումբ մը չեխահայեր ծաղիկներ դրին անուանի գրող, «Մուսա լերան քառասուն օրը» վէպի հեղինակ Ֆրանց Վերֆելի կիսանդրիին առջեւ, որ զետեղուած է այն տան մօտ, ուր ծնած է մեծանուն մարդասէրը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ լրատուական ծառայութենէն:
Այնուհետեւ, յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ ԱՄՆ 28-րդ նախագահ, Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր եւ Հայկական հարցի արդարացի լուծման ջատագով Թոմաս Ու- ուտրօ Ուիլսըն յուշարձանին:
Արարողութիւններուն ելոյթ ունեցան դեսպան Տիգրան Սէյրանեան, Չեխիոյ, Սլովաքիոյ եւ Հունգարիոյ հայ համայնքներու հոգեւոր հովիւ Բարսեղ վարդապետ Փիլաւճեան եւ «Արմենիա քլապ» կազմակերպութեան նախագահ Տիգրան Աբրահամեան: Հայ դիւանագէտը կարեւորած է օտարազգի անուանի գործիչներուն հայանպաստ գործունէութիւնը, նշած, որ Վերֆելի գիրքը ոչ միայն գեղարուեստական համաշխարհային մեծ արժէք է, այլ նաեւ կը պարունակէ Հայոց ցեղասպանութեան անգնահատելի վկայութիւններ եւ փաստագրական նիւթեր, կ’արտայայտէ թուրք ջարդարարներուն դէմ հայ ժողովուրդի հերոսական պայքարը:
Այսօր Պրահայի կեդրոնական հրապարակներուն մէջ հարիւրաւոր չեխահայերու եւ չեխ հասարակութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կ’ընթանայ Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման նուիրուած հանրահաւաք-երթ:
ԱՆԳԼԻԱ
Բրիտանահայ համայնքի եւ եկեղեցական խորհուրդի կողմէ (ԲՀԵԽ) կազմակերպուած են շարք մը ձեռնարկներ՝ նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութիւնը:
Բրիտանահայ համայնքի ներկայացուցիչները քայլարշաւով անցած են Լոնտոնի կեդրոնէն՝ դատապարտելով Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքակա- նութիւնն ու իրենց կոչը յղելով ՄԹ իշխանութիւններուն՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս տարեկան քայլարշաւը, թիւով 47-րդը, կը կազմակերպուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կոմիտէի կողմէ (CRAG): Քայլարշաւը, որուն մասնակցած են 800-900 մարդ, գլխաւորած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Միացեալ Թագաւորութեան եւ Իռլանտայի թեմի առաջնորդ Տ. Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեանը եւ ԲՀԵԽ ղեկավարութիւնը, ինչպէս նաեւ ՄԹ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան ներկայացուցիչները: Անցնելով Լոնտոնի Փիքատիլի եւ Թրաֆալկար հրապարակներով՝ քայլարշաւը աւարտած է Ուայթհոլ փողոցի կեդրոնին, ուր գտնուող առաջինին եւ 2-րդ Համաշխարհային պատերազմներու զոհերու յուշարձանին դրուած են ծաղկեպսակներ: Այնուհետեւ ԲՀԵԽ ներկայացուցիչները ուղեւորուած են դէպի ՄԹ վարչապետի նստավայր՝ Տաունինկ 10 եւ հայ համայնքի անունով յանձնած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու խնդրագիրը:
Ապրիլ 22-ին Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին Լոնտոնի Սբ. Եղիշէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած են պատարագ եւ հոգեհանգիստի արարողութիւն, որմէ ետք ԲՀԵԽ եւ ՀՀ դեսպանութեան ներկայացուցիչները ծաղկեպսակներ զետեղած են եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Հայոց Մեծ եղեռնի յուշարձան-խաչքարին:
ՌՈՒՄԱՆԻԱ
Ապրիլ 24-ին Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ձեռնարկներ, որոնց մասնակցեցան հարիւրաւոր ռումանահայեր, ինչպէս նաեւ ռումանական օրէնսդիր եւ տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ համալսարանականներ: Այս մասին կը հաղորդեն արտաքին ցործոց նախարա- րութեան մամուլի վարչութենէն:
Պուխարեստի Ս.բ Հրէշտակապետաց Հայոց Մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յիշատակի հոգեհանգիստ, որուն ներկայ էին յոյն կաթոլիկ, ղպտի ուղղափառ եւ կալուին բողոքական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, այնուհետեւ Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Ռումանիոյ թեմի եւ Ռումանիոյ Հայոց միութեան կողմէ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքար-յուշարձանին:
Հայոց ցեղասպանութեան 97-րդ տարելիցի միջոցառման ելոյթներով հանդէս եկան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան եւ Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Համլէտ Գասպարեան: Մտահոգութիւն յայտնելով Թուրքիոյ կողմէ իր հակահայ քարոզչութեան մէջ Եւրոպայի մէջ բնակող թուրք համայնքները,- որոնք առանց հարցի էութեան մէջ խորանալու փաստացի կը պաշտպանեն ժամանակակից թուրք կառավարութեան որդեգրած ժխտողականութեան քաղաքականութիւն, ներքաշելու առնչութեամբ՝ դեսպանը նշեց, որ այդ զանգուածները խաղալիք դարձած են թուրք կառավարական շրջանակներու ձեռքին եւ եւրոպական տարածքներուն վրայ բախումներու վտանգաւոր նախադէպ ստեղծած են:
«Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ անոր ժխտումը դատապարտելուն ուղղուած միջազգային հասարակական-քաղաքական գործընթացներուն դէմ կը հանուին թշնամական զանգուածներ: Թուրք կառավարական շրջանակներուն կողմից կրկին գործի կը դրուին ուժային ճնշումներու եւ բռնանքի միջոցները: Կրկին բաց կը ձգուի հայատեացութեան հրէշը, որուն թարմ դրսեւորումներէն են փետրուարեան հակահայկական ցոյցերը Պոլսոյ մէջ:
Ասոնք շատ վտանգաւոր եւ մտահոգիչ զարգացումներ են, որոնք ցոյց կու տան, որ իրականութեան մէջ Թուրքիան կը շարունակէ հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանը դիտել իբրեւ սպառնալիք, անկէ բխող բոլոր հետեւանքներով», իր ելոյթի մէջ ըսաւ դեսպան Համլէտ Գասպարեանը:
Միաժամանակ Հայաստանի դեսպանը ողջունեց թուրք հասարակութեան մէջ օրէ օր աւելի բարձր հնչող կոչերը՝ շիտակօրէն վերանայելու սեփական երկրի պատմութիւնը եւ թերթելու այդ սեւ էջը: «Մենք կը գտնենք, որ ատիկա հաշտեցման միակ ճանապարհն է, այլ ոչ թէ սուտի եւ կեղծիքի քաղաքականութիւնը, հակահայ քարոզչական ճակատներու ստեղծումը, որուն միակ հետեւանքը կրնայ ըլլալ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու միջեւ անջրպետի խորացումը եւ մեր չափազանց զգայուն տարածաշրջանի ապագայի վտանգումը»,- ըսաւ դեսպան Համլէտ Գասպարեան:
Մինչ այդ, Հայոց մշակութային տան ամբողջ երկարութեամբ, Քարոլ Ա-ի պողոտայի դիմահայեաց մասին, պաստառի վրայ կը ցուցադրուէին Արմին Վէգների եւ այլոց վաւերական լուսանկարները, որոնք կը պատկերէին հայերու տեղահանութեան ժամանակ կրած տառապանքները:
Արարողութենէն ետք ռումանահայերը Հայաստանի դրօշներով եւ ցեղասպանութիւնը դատապարտող պաստառներով ուղղուեցան դէպի Պուխարեստի Հռոմի հրապարակ, ուր հաւաքուածներուն եւ անցորդներուն բաժնեցին ցեղասպանութեան մասին պատմող նիւթեր:
ՎՐԱՍՏԱՆ
Հայոց ցեղասպանութեան 97-րդ տարելիցին նուիրւած միջոցառումներու ծիրէն ներս Ապրիլ 23-ին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» մշակութային կեդրոնի, «Վրաստանի հայ համայնք», «Վրաստանի հայերի ազգային կոնգրես» եւ «Թիֆլիսեան հայերի ասամբլեա» կազմակերպութիւնների նախաձեռնութեամբ եւ աջակցութեամբ խաղաղ հանրահաւաք մը տեղի ունեցաւ Վրաստանի խորհրդարանի շէնքին առջեւ:
«Ո՛չ ցեղասպանութեանը» եւ «Հայոց Մեծ Եղեռն՝ 97» ցուցապաստառներով հանրահաւաքի մասնակիցները Թիֆլիսի Ռուսթավելիի անուան պողոտայի վրայ գտնուող խորհրդարանի կեդրոնական մուտքի հրապարակին մէջ կազմակերպեցին ֆլեշմոբ` մոմերով կազմած խաչի եւ աւանդական պարի լուռ կատարմամբ:
Այնուհետեւ հանրահաւաքի մասնակիցները Վրաստանի խորհրդարանին յանձնեցին անուն առ անուն բոլոր պատգամաւորներուն ուղղուած Հայոց Մեծ Եղեռնը ճանչնալու Վրաստանի հայութեան դիմումը եւ պահանջելով ընդունել ու դատապարտել Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Ապրիլ 23-ի հերթական միջոցառումը, Վրաստանի ՀՀ դեսպանութեան եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի հովանաւորութեամբ, Թիֆլիսի Պետրոս Ադամեանի անուան հայկական պետական դրամատիկական թատրոնի «Յիշատակի երեկոյ» ներկայացումն էր, որը կայացավ Նոդար Դումբաձեի անուան պատանի հանդիսատեսի թատրոնէն ներս:
Միջոցառման ներկայ էին Վրաստանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յովհաննէս Մանուկեանը, Հայ Առաքելական Ուղղափառ Սուրբ եկեղեցւոյ վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Վազգեն եպս. Միրզախանեանը, Վրաստանի նախագահի խորհրդական Վան Բայբուրթեանը, Վրաստանի խորհրդարանի հայազգի պատգամաւորներ Արմէն Բայանդուրեանը եւ Յարութիւն Յովհաննիսեանը, դեսպանութեան աշխատակիցներ, հոգեւոր դասի եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Թիֆլիսի հայկական թատրոնի ստեղծագործական խումբի կողմէ ներկայացուած գրական յղացումը հիմնուած էր հայ ժողովուրդի պատմութեան արիւնոտ էջերու ոգեկոչման եւ համայն հայութեան արդարատենչ յաղթանակի դրուագներու վրայ:
Նոյն օրը երեկոյեան Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի միջոցառումներու ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ Վրաստանի հայ համայնքի նախաձեռնութեամբ իրականացուած ջահերով երթը: Վառուող ջահերով եւ ցուցապաստառներով հայ համայնքի երիտասարդ- ները Թիֆլիսի Յաղթանակի զբօսայգիէն շարժեցան դէպի Թուրքիոյ դեսպանութիւն:
Դեսպանութեան առջեւ հաւաքու ած երիտասարդութիւնը արդարութեան վերականգնման պահանջատիրական կոչեր ուղղեց թրքական իշխանութիւններուն: Երթի մասնակիցները կոչ ուղղեցին Թուրքիոյ՝ սեփական պատմութենէն հրաժարելու եւ իրականացուած ոճրագործութիւնները ժխտելու փոխարէն, խոստովանիլ յանցանքն ու խոնարհիլ մէկ ու կէս միլիոն անմեղ զոհուած հայերու յիշատակին առջեւ եւ ճանչնալ Մեծ եղեռնը:
Ուշագրաւ միջադէպք մը
Ուշագրաւ միջադէպք մը տեղի ունեցաւ Վրաստանի խորհրդարանին մէջ, երբ ընդդիմադիր «Վրացական ժողով»-ի պատգամաւոր Ճոնտի Պագատուրիա եւ կառավարող «Միացեալ ազգային շարժում»-էն Ազեր Սուլէյմանով կռուեցան Հայոց ցեղասպանութեան թեմային շուրջ:
Բագատուրիա յիշեցուցած է, որ անցեալ տարի Վրաստանը աշխարհի միակ երկիրն էր, որ ընդունեց Ռուսական կայսրութեան չերքեզներու ցեղասպանութիւնը: Այժմ ալ հայերը Վրաստանի խորհրդարանէն կը պահանջեն ճանչնալ 20-րդ դարասկիզբի ցեղասպանութիւնը: Անոր խօսքով՝ չերքեզներու ցեղասպանութիւնը ճանչնալը «յանցագործութիւն էր», քանի որ անկէ ետք նման պահանջով Վրաստանին կը դիմեն նաեւ այլ ազգեր:
Ազգութեամբ ազերի Սուլէյմանով գործընկերոջը «Պագատուրեան» անուանած է՝ աւելցնելով, որ ան «քիթը չխոթէ իրեն չվերաբերող գործերուն մէջ»: Անկէ ետք, անոնք անցած են ձեռնամարտի: