Ֆրանսահայ լրագրող Ժան Էքեան կը հաղորդէ թէ երէկ առաւօտուն, Փարիզի Էլիզեան պալատէն ներս, տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի երդման արարողութիւնը, մեծ թիւով հիւրերու ներկայութեան:

Հետաքրքրական զրոյցներ կատարուեցան հայերէն լեզուի պահպանումին, տան մէջ հայկական մթնոլորտի ստեղծումին եւ այլ մարզերէ ներս սփիւռքահայ կնոջ դերի մասին

Սուրիոյ մէջ Մայիս 7-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքով հայ համայնքը կորսնցուցած է 250 պատգամաւորներէ բաղկացած խորհրդարանին մէջ մինչ այդ զբաղեցուցած իր միակ տեղը:

Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումներուն եւ Թրիփոլիի մէջ բնակող հայութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ՀՅԴ Թրիփոլիի կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Հարմանտայեանի հետ:

Ատրպէյճանական «Էյ. Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը  կը տեղեկացնէ, թէ Եգիպտոսի Շարմ Էլ Շէյխ քաղաքին մէջ կայացած Ոչ Յանձնառու Երկիրներու շարժումին համակարգող մարմինը, իր վաւերացուցած ընդարձակ փաստաթուղթի 382րդ կէտին մէջ անդրադարձած է Արցախի տագնապին՝