Մայիս 20-ի երեկոյեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Թեհրանի եւ Սպահանի հայոց թեմերու առաջնորդներու, Թ. Հ. Թ. Պատգամաւորական ժողովի, Թեմական խորհրդի եւ «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչներու եւ հոգեւոր հայրերու, հովուապետական այցով մեկնեցաւ Թաւրիզ:

«Ասպարէզ» կը հաղորդէ թէ Սուրիոյ Հոմս    քաղաքին մէջ հայկական եկեղեցւոյ եւ դպրոցի մը դէմ յարձակում գործուած է:
Գաղութի անդամներէն Նազարէթ Էլմաճեանի փոխանցմամբ՝ Իսահակեան դպրոցին դէմ է գործուած յարձակումը:

Ինչո՞ւ Սերժ Սարգսեանը չմասնակցեցաւ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին

Շիքակոյի մէջ կայացող ՆԱԹՕի գերաստիճանի ընթացքին վաւերացուած է պաշտօնական հռչակագիր մը, ուր, այլ հարցերու շարքին կը յիշատակուի նաեւ ղարաբաղեան խնդիրը:

Միացեալ Նահանգներու մէջ Կիրակի օր տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի աւանդական թելեթոնը: Մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»-ը կը հաղորդէ, որ վեց ժամ տեւած թելեթոնին ընթացքին Հայ դատի գրասենեակին նուիրուած է աւելի քան 2.2 միլիոն տոլար:

ՊԵԼԿՐԱՏ
Սերպիոյ մէջ կայացած նախագահական ընտրութիւններու յաղթականը ազգայնապաշտ Թոմիսլաւ Նիքոլիցն է: