ՊԵԼԿՐԱՏ
Սերպիոյ մէջ կայացած նախագահական ընտրութիւններու յաղթականը ազգայնապաշտ Թոմիսլաւ Նիքոլիցն է:
SNS կուսակցութեան առաջնորդը յաջողեցաւ ապահովել քուէներու 49,4%ը, նախկին նախագահ Պորիս Թանդիչի 47,4%ին դէմ: Նորընտիր նախագահը իր առաջին յայտարարութիւններուն մէջ փութաց վստահեցնելու թէ Սերպիա շեղում պիտի չարձանագրէ եւրոպական իր ուղղուածութենէն:
ՍՔՈՓԻԱ
Սքոփիայի վարչապետ Նիքոլա Կրուէֆս քի հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, ուր կը բացատրէր թէ Շիքակոյի մէջ ՆԱԹՕի խորհրդաժողովին մասնակցող սերպական պատուիրակութիւնը մերժեց գլխաւորել, գիտնալով թէ անդամակցութեան հրաւէր պիտի չստանայ իր երկիրը: Սերպական պատուիրակութիւնը Շիքակօ առաջնորդուեցաւ երկրի նախագահ Կէորքի Իվանովի եւ արտաքին գործոց նախարար Նիքոլա Փոփոսքիի կողմէ: