Զոհեր հիւսիսային Իտալիոյ մէջ Ռիխթերի 6 աստիճան երկրաշարժէն
3.000 անտուն իտալացիներ դժուար գիշեր մը անցուցին պատսպարաններու մէջ, հիւսիսային Իտալիոյ Էմիլիա-Ռոմանիա մարզը հարուածած Ռիխթերի 6 աստիճան երկրաշարժէն ետք:
Կիրակի կանուխ առաւօտեան տեղի ունեցած երկրաշարժին յաջորդեցին աւելի քան 75 յետ ցնցումներ:
Եօթ հոգի իրենց կեանքը կորսնցուցած է, մինչ փրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին եւ վախ կայ որ զոհերու թիւը պիտի բարձրանայ: Եկեղեցիներ եւ հին պատմական շէնքեր լրջօրէն վնասուած են:
Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Մոնտի Շիքակոյի մէջ գումարուող ՆԱԹՕի խորհրդաժողովէն հապճեպօրէն վերադարձաւ Իտալիա, ուր մեծ ջանքեր կը գործադրուին անտուն մնացած մարդոց հոգատարութեան համար: