Մոսկուայի կեդրոնը՝ Կրեստեանսկայա զաստավա հրապարակին վրայ, երէկ բողոքի հանրահաւաք կազմակերպեց «Հայ-ռուսական համագործակցութիւն» կազմակերպութիւնը՝ մոսկովեան հայկական շարք մը այլ կազմակերպութիւններու հետ միասին։ Ցուցարարները իրենց զայրոյթը յայտնեցին մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովին Ատրպէյճանին յանձնելու եւ ներում շնորհելու կապակցութեամբ։
Բողոքը ուղղուած էր Հունգարիայի եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններուն դէմ։ Ցուցարարները պաստառներ կը բռնէին, ուր նշուած էր, որ հայերը չեն բողոքեր հասարակ հունգարացիներուն դէմ։
Ներկայ էին ոչ միայն հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, այլ նաեւ ռուսական, քրտական եւ հրէական կազմակերպութիւները ներկայացնող գործիչներ, ներկայ էին Ռուսաստանի Պետական Տումայի պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ հայերու հաւատարիմ բարեկամ Վլատիմիր Ժիրինովսկին։
Ժիրինովսկին իր ելոյթին մէջ քննադատեց ՆԱԹՕն եւ Արեւմուտքը, իր գլխաւորած Լիպերալ դեմոկրատական կուսակցութեան շարքերը համալրելու կոչ ուղղեց, նաեւ ըսաւ թէ հայերը պէտք է համախմբուին։
«Դուք փոքր ազգ էք, բայց խելացի էք։ Ձեր ուժը ձեր միասնութեան մէջ պէտք է ըլլայ», -ըսաւ պատգամաւորը։
Հանրահաւաքէն առաջ՝ ատըրպէյճանական կայքերուն մէջ ցոյցը տապալելու կոչեր կը հնչէին։ Հաւանաբար այդ պատճառով՝ հանրահաւաքի վայրը պաշտպանուած էր բաւական մեծ թիւ կազմող ոստիկաններով։ Այդուհանդերձ, հանրահաւաքը անցաւ հանգիստ, միջադէպեր չարձանագրուեցան։
Միջոցառման կազմակերպիչներէն՝ Ռուսաստանի հայերու միութեան փոխ նախագահ Լեւոն Մուկանեանը «Ազատութիւն» ռատիոկայանին տեղեկացուց, որ ասիկա երկրորդ բողոքի միջոցառումն էր Ռուսաստանի մայրաքաղաքէն ներս։ Առաջինը կազմակերպած էր Ռուսաստանի հայերու միութիւնը՝ Հունգարիայի դեսպանատան առջեւ։