Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է «Օգնիր եղբօրդ» խումբը, որուն նպատակն է օգնութեան ձեռք երկարել Սուրիա գտնուող սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն։

Նախաձեռնութեան մասին  լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին խօսած են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան եւ Համազգային հիմանարկի նախագահ Լիլիթ Գալստեան:
Իր խօսքին մէջ Յովհաննիսեան ընդգծած է, որ ներկայիս Սուրիոյ մէջ արդէն քաղաքացիական պատերազմ տեղի կ՛ունենայ, Սուրիոյ ամբողջ ժողովուրդը բաւական դժուար վիճակի մէջ է, պատերազմական գործողութիւններու կիզակէտը դարձած է Հալէպը, ուր ժխտական մեծ ազդեցութիւն կայ Թուրքիոյ կողմէ: «Բաժանիր, որ տիրես բանաձեւը գործում է հիմա էլ, բայց հիմա՝ բաժանել կարողանում են, տիրել՝ ոչ: Արաբական գարունը բաւականին դժոխալի երեւոյթի վերածուեց», յայտարարած է Վահան Յովհաննիսեան եւ ընդգծած, որ այսօր Հայաստանի պարտքն է ամբողջ ուժերը լարել, որպէսզի Սուրիոյ մէջ մնացած հայը զգայ իր եղբօր նեցուկն ու հոգատարութիւնը։
Յովհաննիսեան նշած է, որ կացութիւնը այնպէս մը չէ, որ Սուրիոյ մէջ գտնուող բոլոր հայերը կարիքաւոր ու անպաշտպան վիճակի մէջ են, սակայն կան մեծ թիւով չքաւոր հայեր, որոնց օժանդակութեան հասնելու պարտաւորութեան տակ կը գտնուի հայութիւնը։ «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը հէնց դրա համար է», դիտել տուած է ան: Յովհաննիսեան բացատրած է, որ նախաձեռնող խումբին կողմէ արդէն բաւական աշխատանք տարուած է, բարեսիրական օգնութիւն փոխադրող առաջին օդանաւը արդէն Սուրիա պիտի ուղղուի մօտիկ ապագային։ Ան դիտել տուած է, որ մեծ օժանդակութեամբ մասնակից դարձած է Արցախը։
Լիլիթ Գալստեան իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ այս իմաստով պէտք է համախմբուիլ ազգովին՝ անկախ կուսակցական, գաղափարական պատկանելիութենէ: Գալստեան յայտարարած է, որ 18 Սեպտեմբերին բացուած դրամատնային հաշիւին մէջ արդէն իսկ  մէկ միլիոն դրամ տեղադրուած է: Պատրաստ է Սուրիա մեկնելիք առաջին օդանաւին կէսը, կայ դեղօրայք ու սննդամթերք։
Դաշնակցական գործիչին համաձայն, մտածուած է տարբեր ծրագիրներու մասին, որպէսզի կարելի ըլլայ օգնութեան չափը աւելցնել: Օրինակ Հոկտեմբերին կը նախատեսուի կայացնել բարեսիրական համերգ, որուն աւարտին դրամահաւաք պիտի կատարուի։ «Այս նախաձեռնութիւնն իսկապէս բաց նախաձեռնութիւն է եւ մենք կարող ենք քննարկել օգնութեան միտուած ցանկացած առաջարկութիւն», նշած է Գալստեան։
Անոր համաձայն, կարգ մը գործարարներ արդէն իսկ պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցելու՝ տեղական արտադրութիւններ յատկացնելով: Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հասարակութիւններու օգնութեան արձագանգը, Յովհաննիսեանի արժեւորումով, արագ էր եւ արդիւնաւէտ:
Անոնք դիտել տուած են, որ ներկայիս չկայ լաւատեսութիւն ներշնչող այն տուեալը, թէ պատերազմը շուտով պիտի աւարտի, ուստի այս ծրագիրը երկարաժամկէտ պիտի ըլլայ։
Առաջին օդանաւը Սուրիա պիտի մեկնի ամենայն հաւանականութեամբ Սեպտեմբերի աւարտին: Ամէն ինչ ապահով տեղ հասցնելու համար բանակցութիւնները կը շարունակուին:
«Սա հասարակական նախաձեռնութիւն է, կուսակցական չէ եւ կուսակցականացնել պէտք չէ, բնականաբար ՀՅԴն ամենաակտիւ դերն է խաղալու, որովհետեւ ամենաճկուն կառոյցները տեղում ՀՅԴն ունի», յայտարարած է Վահան Յովհաննիսեան:
Օգնութեան ձեռք երկարելու նպատակով կարելի է դրամատնային փոխանցումներ կատարել հետեւեալ հաշիւին. ԱՌԷԿՍԻՄԲԱՆԿ 23800AMD 01157620300 23800 USD 01157620401