Հայ Մշակոյթի ամսուան ծիրէն ներս, Շաբաթ 12 Հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին օրը, Թաւրիզի եւ Ուրմիայի մէջ հայոց դպրոցներու աշակերտները իրենց տեսչութեան եւ ուսուցչակազմի առաջնորդութեամբ ուղղուեցան եկեղեցի,

ներկայ գտնուելու համար սուրբերուն նուիրուած եկեղեցական արարողութիւններուն եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով: Արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Հ.Օ.Միութեան մանկապարտէզ-նախակրթարանները՝ «Ծերունի Գասպարեան» Թաւրիզի, «Նայիրի»՝ Ուրմիոյ մէջ:

Թաւրիզի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, որու ընթացքին երգուեցաւ Թարգմանչաց նուիրուած «Որք Զարդարեցին» շարականը, եւ անոր յաջորդող հոգեւոր երաժշտութեան սրբազան հեղինակներու ստեղծագործութիւնները, որոնք կը պանծացնեն Ե. դարուն հայոց մեծ գիւտարար Մաշտոցի կատարած սուրբ գործը, նախախնամութեան միջամտութեամբ ստոյգ կորուստէ փրկելու համար հայ ժողովուրդը:

Ժամերգութեան մասնակցեցան   աշակերտները, որոնցմէ ոմանք նաեւ  դպրութիւն կատարելով, իբրեւ Կրտսերներու Դպրաց Դասու անդամներ, իրենց օժանդակութիւնը բերին արարողութեան: Աւարտին, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ՝ գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան հոգեւոր ու ազգային զրոյց ունեցաւ աշակերտութեան հետ, յորդորելով անոնց սորվիլ աշխարհի տարբեր լեզուներ, սակայն ամէնէն աւելի սորվիլ եւ սիրել մայրենի լեզուն: Աւարտին, կատարուեցաւ խոստովանանք, եւ աշակերտութիւնը հաղորդուեցաւ Քրիստոսի մարմնով եւ արեամբ:

Իսկ Ուրմիայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, ծխատէր արժ. Տ. Ներսէս քհնյ. Պասիլեան մատուցեց պատարագ, յատկապէս աշակերտութեան համար: Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց «Նարեկացի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ տիկ. Աննիկ Եուսէֆեան-Սարհատեանի: Այս առիթով, տէր հայրը քարոզեց, եւ անդրադարձաւ Հայ Մշակոյթը կերտած երախտաւորներուն՝ Թարգմանիչ վարդապետներու գործին, նշելով թէ մեր ազգի գոյատեւման համար մեծ աշխատանք իրականացուցած են անոնք, յատկապէս Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեամբ: Ուրմիայի մէջ եւս, հայոց դպրոցի աշակերտները պատարագի աւարտին հաղորդուեցան տիրոջ մարմնով եւ արեամբ: Ս. պատարագի աւարտին, խորանին առջեւ երգերով ելոյթ ունեցան «Նայիրի» մանկապարտէզի երեխաները: