ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 84-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանի Տեսչական սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, Կիրակի 13 Հոկտեմբեր 2013-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, որուն ընթացքին սաներ սուրբ հաղորդութիւն ստացան։

Պատարագեց ու քարոզեց Դպրեվանքի նորանշանակ տեսուչ՝ հոգշ. Տ. Յուսիկ վրդ. Մարտիրոսեան։ Տեսուչ հայր սուրբը քարոզին մէջ անդրադառնալով Սրբոց Թարգմանչաց սերունդին ունեցած կարեւոր դերակատարութեան մեր եկեղեցւոյ ու ազգի պատմութեան մէջ, Կորիւն Պատմիչէն ներշնչուած, իր խօսքը դպրեվանքի սաներուն ուղղելով, ըսաւ. «Սիրելի սաներ, դուք ժառանգորդներն էք այնպիսի սերունդի մը, որոնք մարգարէական դասը Մովսէսի գլխաւորութեամբ հայերէնով խօսեցուցին, Առաքեալներու բազմիցս երանեալ խումբը Պօղոսի առաջնորդութեամբ հայերէնով խօսեցուցին, մէկ խօսքով, այդ սերունդին միջոցաւ մեր Փրկիչն ու Աստուածը հայերէն խօսեցաւ մեզի։ Եւ այսօր, դուք կոչուած էք Թարգմանիչ մեր սերունդին գործը շարունակելու այսօրուան աշխարհին մէջ, կոչուած էք քարոզիչն ու տարածիչը ըլլալու Աստուծոյ խօսքին: Սակայն կարենալ տալու համար նախ պիտի առնէք՝ լեցուիք: Տարիները որ կþանցնէք դպրեվանքի յարկէն ներս լեցուելու, հոգեմտաւորապէս աճելու ու պատրաստուելու տարիներ պիտի ըլլան, որպէսզի ապագային երբ ծառայութեան ձայնը կանչէ ձեզ, հաստատ քայլերով ուղղուիք լուման դնելու համար մեր եկեղեցւոյ ու ազգին գանձանակին մէջ»։ Իր քարոզի աւարտին, տեսուչ հայր սուրբը իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ իրեն վստահած է այս ծանր սակայն քաղցր տանելի պաշտօնը, ու խօսքը միաբանակից եղբայրներուն ու հաւատացեալներուն ուղղելով խնդրեց անոնցմէ որպէսզի աղօթեն իրեն ու տեսչութեան անդամներուն համար, որպէսզի իրենց ուսերուն վրայ դրուած պատասխանատուութիւնը լաւագոյնս կարողանան կատարել։

Երկուշաբթի 14 Հոկտեմբեր 2013-ին, հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ միաբան հայրերու, ուսուցիչներու, ուսանողներու ներկայութեամբ, Պիքֆայայի մէջ բացումը կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 84-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանին։

Դպրեվանքի սաները գեղարուեստական յայտագիր ներկայացուցին։ Յայտագիրը կը ներառէր դպրեվանքի «Սիրտ ի սիրտ» քայլերգը, Թարգմանչաց նուիրուած «Որ զարդարեցին» շարականը, Աւետարանական հատուած մը եւ Ս. Ներսէս Լամբրոնացիէն աղօթք մը եւ «Կիլիկիա»-ն։

Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Յուսիկ վրդ. Մարտիրոսեան տեսչական իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն։ Ան որդիաբար շնորհակալութիւն յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. հայրապետին, որ իր հովուապետական բազում մտահոգութիւններուն մէջ առաջնահերթութիւն կու տայ դպրեվանքին եւ այս տարեշրջանին եւս կը գլխաւորէ ուսուցչական կազմը։ Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ դպրեվանքի ինքնութեան ու նկարագիրին մասին ու երեք կէտեր շեշտեց. «Ա) Դպրեվանքը նկարագիր կերտող դարբնոց է: Բ) Դպրեվանքը հոգեմտաւոր դաստիարակութեան կեդրոն է: Գ) Դպրեվանքը աշխատասիրութեան ու ուսումնատենչութեան օրրան է»։

Ապա, Դրան Եպիսկոպոս՝ գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեան խօսք առնելով, նախ եւ առաջ փոխանցեց վեհափառին հայրական օրհնութիւնները տեսչական անդամներուն, ուսուցչական կազմին ու դպրեվանքի սաներուն։  

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Նարեկ սրբազանի «Պահպանիչ»-ով։

Յայտնենք, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ դպրեվանքի համար նոր տեսչութիւն նշանակած է։ Այս տարուան տեսչական կազմը ունի հետեւեալ պատկերը. Տեսուչ՝ հոգշ. Տ. Յուսիկ վրդ. Մարտիրոսեան։ Փոխ-տեսուչ՝ հոգշ. Տ. Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան։ Հսկիչներ՝ հոգշ. Տ. Արտակ աբղ. Արապեան եւ հոգշ. Տ. Գարեգին աբղ. Շխրտըմեան։