Մշակութային, քաղաքական, գաղափարաբանական թէ այլ նիւթերու քննարկման ծիրին մէջ, Երկուշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2013-ի, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի կազմակերպած մամլոյ 86-րդ լսարանը, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ։
Ա
կադեմականներու, ուսուցիչներու եւ պատմասէր ազգայիններու ներկայութեան կազմակերպուած մամլոյ այս լսարանին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան, որ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան դասախօսը՝ փրոֆ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեանը։ Նախքան այդ, Էմմիեան անդրադարձաւ Տատոյեանի եռահատոր գործին, լոյս տեսած 2013-ին, «Հայերը միջնադարեան իսլամական աշխարհին մէջ՝ փոխյարաբերութեանց նախատիպարներ, եօթներորդ դարէն տասնչորրորդ դարեր» խորագիրով։
Մէջբերելէ ետք Հարվըրտ համալսարանի դասախօսներէն փրոֆ. Ճէյմս Ռասըլի անդրադարձը Տատոյեանի գիրքին Էմմիեան ըսաւ. «Ինչպէս գիտէք, հայ ժողովուրդի այսօրուան առաջնակարգ օրակարգերէն մէկն է Արեւմտեան Հայաստանի հողերուն վրայ բնակող, Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած իսլամ եւ (կամ) իսլամացուած նկատառելի հայ զան- գուածը, եւ փրոֆ. Տատոյեանի այս աշխատասիրութիւնը կրնայ նպաստել այս հին-նոր երեւոյթին շուրջ զգացականութեան ախտէն ձերբազատուած աւելի լուրջ, առարկայական ու ճշգրիտ հասկացողութեան մը ձեւաւորման»։ Զանազան համալսարաններու մէջ դասախօսած փրոֆ. Տատոյեան հեղինակ է ութ գիրքերու եւ աւելի քան յիսուն ուսումնասիրութիւններու։
Ապա խօսք առաւ օրուան զեկուցաբերը՝ փրոֆ. Սեդա Տատոյեան, որ աւելի քան մէկ ժամ խօսեցաւ իր եռահատոր նշեալ աշխատասիրութեան մէջ արծարծուած հիմնական նիւթերուն մասին։
Մօտ հազար էջ հաշուող իր եռահատոր աշխատասիրութիւնը փրոֆ. Տատոյեան ներկայացուց գլխաւոր երեք մակարդակներով. Ճշմարտութեան սլաքը, որ իմացական է։ Պատմական փորձը։ Եւ պատմագրութիւնը, որ վերակենդանացումն է ապրուած դէպքին։ Դէպքերը կը պատահին, սակայն պատմաբանն է, որ կը ստեղծէ պատմութիւնը։
Ապա ան թուեց երեք հատորներուն իւրաքանչիւրին բովանդակութեան հիմնական բաժինները՝ սկսելով արաբական շրջանէն, 640 թուականէն, որ ըստ կարգ մը հեղինակներու վերջ կը գտնէ 884-ին, իսկ իր դատումով՝ 1071 թուականին՝ Մանազկերտի ճակատամարտով։ Երկրորդ հատորը կ՛անդրադառնայ հայկական «ռէալ փոլիթիք»-ին իսլամական աշխարհին մէջ։ «Մեր գործունէութեան հիմը գաղափարաբանութիւնը չէ, այլ՝ «ռէալ փոլիթիք»-ը։ Մենք ապրած ենք ըստ մեր ճկունութեան, ոչ ըստ մեր գաղափարներուն», աւելցուց ան։
Երրորդ հատորը կ՛անդրադառնայ Կոստանդին Երզնկացիին, «համաշխարհայնացման» միջնադարեան քաղաքներուն, մանաւանդ հայութեան մօտ իսլամութեան պատկերին, որուն մասին երբեք չէ գրուած հայ պատմագրութեան մէջ։
Ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ պատմական այդ շրջանին մէջ։ Փրոֆ. Տատոյեան իր մատնանշումներուն մէջ երբեք գոհացուցիչ չգտաւ հայոց պատմութեան դասագիրքերը, ուր գրեթէ անտեսուած են հայ-իսլամական յարաբերութիւնները։ Ան ընդգծեց, որ հայերը եղած են Մերձաւոր Արեւելքի բնիկ ժողովուրդներէն։ «Անանիա Շիրակացիէն ետք մենք աշխարհագիր չունինք», դիտել տուաւ Տատոյեան՝ թուելով օրինակներ՝ իսլամական, արաբական պատմագրութեան մէջ Հայերու առկայութեան մասին։ «Հայկական բնակավայրը շատ աւելի մեծ է, քան հայկական հայրենիքը», նշեց Տատոյեան՝ դիտել տալով, որ հայեր իրենց պատմական հայրենիքի սահմաններէն դուրս մերձակայ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ բնակած են երկար ատեն եւ իրենց ներդրումը ունեցած այդ շրջաններու պատմութեան մէջ, ինչ որ սակայն չէ նշուած հայ պատմագրութեան մէջ։
«Մեր պատմութիւնը այն չէ, ինչ որ եղած է, նոյնիսկ եթէ ճիշդ է՝ պակասաւոր է», շեշտեց Տատոյեան՝ նշելով, որ «անկողմնակալ» բառը դժուար է նշել։
«Մեր պատ- մագրութիւնը ծա- ռայած է նախարարական տոհմերու», աւելցուց ան՝ կոչ ուղղելով աւելի գիտական հիմերու վրայ գրելու պատմութիւնը։ «Մեր հայեցակէտը միշտ նեղ եղած է եւ վնասած է մեր պատմագրութեան», եզրափակեց փրոֆ. Տատոյեան:
Թղթակցութիւնը՝ «Ազդակ»էն
Լիբանան