Սարկաւագական ժողով Պուլկարիոյ Փլովտիվի մէջ

ԿԱՆԹԵՂ ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ.- Հոկտեմբերի 26-ին, Փլովդիվի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ՝ առաջնորդութեամբ Պուլկարիայի Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ հոգշ. Տ. Աբգար վարդապետ Յովակիմեանի, տեղի ունեցաւ աննախադէպ սարկաւագական ժողով: Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Փլովտիվի, Վառնայի եւ Ռուսէի սարկաւագները:

Ժողովը ողջոյնի խօսքով բացաւ հոգշ. Հայր Սուրբը, որ իր օրհնութեան խօսքը փոխանցեց պուլկարահայ սարկաւագներուն՝ յիշեցնելով անոնց կարեւոր դերը հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: «Սարկաւագութիւնը մեծ պատիւ է բոլորիդ համար, սակայն այն նաեւ պարտաւորութիւն եւ պատասխանատուութիւն է: Անոր համար դուք պէտք է ամէն ճիգ գործադրէք, որպէսզի ձեր ծառայութիւնը ըլլայ առաւելագոյնս անթերի եւ Աստուածահաճոյ, քանի որ, ինչպէս Պօղոս առաքեալը կ'ըսէ Տիմոթէոսին ուղղուած իր նամակին մէջ. «Այն սարկաւագները, որ լաւ են ծառայում, իրենց համար շահում են բարի աստիճան եւ մեծ համարձակութիւն կ’ունենան ի Քրիստոս Յիսուս իրենց ունեցած հաւատի մէջ։» (Ա.Տիմ. 3:13)», իր խօսքին մէջ նշեց առաջնորդական տեղապահը:

Այնուհետեւ քննարկումներ եղան ամենատարբեր ծիսական հարցերու շուրջ: Սարկաւագներուն յատկապէս կը յուզէր որոշ ծիսական տարբերութիւները, որոնք առկայ են Պուլկարիայի Հայ եկեղեցիներուն մէջ: Հոգեշնորհ Հայր Աբգարը այդ առումով իրենց մանրամասն ներկայացուց անցած ամիս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կայացած Եպիսկոպոսական ժողովի արդիւնքները, ուր ճիշդ այդ տեսակ ծիսական տարբերութիւնները հաշուի առնելով, ընդունուեցաւ Մկրտութեան խորհուրդի միասնական տարբերակ: «Առաջիկայ Եպիսկոպոսական ժողովների ժամանակ, հաւանաբար, կը քննարկուեն այլ ծիսական հարցեր եւս, որի արդիւնքում մեր եկեղեցին վերջնականապէս կը ձեւաւորի միասնական մէկ ծիսակարգ, որը կը գործադրուի անխտրաբար բոլոր մեր եկեղեցիներում», իր խօսքին մէջ ան նշեց: Ժողովի ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ նմանատիպ հանդիպումներու աւելի յաճախ կազմակերպումը: Այդ նպատակով որոշուեցաւ առաջիկային կազմակերպել 7-օրեայ հոգեւոր սեմինար «Հայ Առաքելական եկեղեցու Խորհուրդները եւ նրանց ծիսական առանձնայատկութիւնները» նիւթով: Հաւաքի փակման խօսքին մէջ Հայր Սուրբը իր գոհունակութիւնը յայտնեց այս հանդիպման համար եւ յորդորեց սարկաւագները առաւել ժրաջանութեամբ աշխատին իրենց ինքնակատարելագործման վրայ:

Նոյն երեկոյ սարկաւագները վերադարձան իրենց եկեղեցիները՝ քաջալերուած իրենց կոչումի մէջ եւ նորոգած իրենց ուխտը՝ ծառայելու «Աստուծոյ եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ»:

* * * * * * * * * * * * * * * *

 

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՕՐԵՐ 

Գերմանիոյ զանազան քաղաքներու մէջ տեղի ունեցան «Թարգմանչաց» տօնի ծիրէն ներս հայ համայնքներու հիմնադրութեան նշման հանդիսութիւններ:

Մինչեւ 1960 ական թուականներուն Գերմանիոյ մէջ մօտաւորապէս 2000-3000 հայեր կ’ապրէին: Բայց անոնք իրենց առջեւ չունէին գործունեայ որեւէ հայկական հաստատութիւն մը: Անոնք ժամանակի ընթացքին կարողացան իրենց փոքր ու սահմանափակ պայմաններով հայ մշակութային եւ եկեղեցական ակումբներ հիմնել: Երբ որ, Թուրքիա, արաբական եւ այլ երկիրներէ Գերմանիա եկող հայերու ներգաղթի հոսանքը սկսաւ, 70ական թուականներէն ետք, հայերը սկսան Գերմանիոյ երկու խոշոր եկեղեցիներու սրահները եւ եկեղեցիները, որպէս հիւր օգտագործել եւ այս ձեւով Գերմանիոյ Հայ համայնքային կեանքը զարգացնել:

Թուրքիայէն եկող հայերու խումբի մեծ մասը, որոնք Թուրքիոյ գիւղական վայրերէն Գերմանիա կու գային, անոնցմէ, որոնց շատ քիչերը հայերէն խօսիլ, գրել ու կարդալ գիտէին համայնքային կեանքի մէջ հայերէն լեզուի եւ իրենց ազգակիցերու հետ շփման դժուարութիւներ ունեցան: Թէեւ հայերը Գերմանիա տարբեր երկիներէ եկած էին, սակայն նոյն ազգին զաւակներն էին, նոյն խմորէն էին, հետեւաբար, ազգային եկեղեցիին, ազգային մշակոյթին, ազգային ինքնութեան, մայրենի լեզուին պահպանման ու գոյատեւման համար միասնութեան գիտակակցութիւնով պայքարելու էին:

1970ական թուականներուն Գերմանիոյ Համպուրկ, Պերլին, Քէօլն, Ֆրանքֆուրթ, Սութութթկարտ եւ Միւնիղ եւ1980ական թուականներուն այլ Պրեմէն, Պրօնշըվայկ, Պիլէֆէլտ, Տուիսպուրկ, Նօյվիտ, Հանաու, Նիւրինպէրկ, Քիհլ եւ այլ քաղաքներու մէջ հայ մշակութային, եկեղեցական միութիւններ եւ ակումբներ հիմնադրուիլ սկսաւ:

 

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՊԱՏԷՆ-ՎԻՒՐԹԸՆՊԵՐԿ ՆԱՀԱՆԳԻ
ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԿԸ ՆՇԷ ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 40 ԱՄԵԱԿԸ
 

Հարաւային Գերմանիոյ Պատէն-Վիւրթէմպերկ նահանգի հայ համայնքը 24-27 Հոկտեմբերին, Սթութթկարտ քաղաքին մէջ նշեց, իր հիմնադրութեան 40ամեակը, եկեղեցական արարողութիւններով եւ գեղարուեստական-մշակութային ձեռնարկներու շարքով: Համայնքը որ, 40 տարի առաջ, մեծամասնութիւնը Թուրքիայէն եկող հայորդիներու կողմէ, շատ նեղ ու սահմանա-բակ պայմաններու տակ նուրիրեալ ու կամաւոր ծանր աշխատանքներով, Կէօբինկէն քաղաքի մէջ հիմադրուած է: Համայնքը այսօր ունի շուրջ 3000 հայ բնակչութիւն:

Թարգմանչաց տօնի շրջագիծով պատրաստուած, համայնքի հիմնադրութեան 40ամեակի յոբելենական մշակութային հարուստ ձեռնարկը բացուեցաւ 24 Հոկտեմբերին, նահանգի մայրաքաղաք Սթութթկարթ քաղաքին մէջ։ Ձեռնարկի բացումը կատարեց համայնքի հոգեւոր հովիւ Տ. Տիրատուր Սարտարեանի եւ Սթութթկարտ Սըթիֆթ եկեղեցւոյ գերմանացի տէր հօր աղօթքով: Ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցան, Գերամնիոյ հայոց առաջնորդի փոխանորդ հոգ. Տ. Սերովբէ վրդ. Իսախանեան, Հ.Հ Գերմանիոյ Դեսպանատան ներկայացուցիչ պրն. Աշոտ Սմբաթեան, Սթութթկարտ քաղաքի քաղաքապետութեան ներկայացուցիչ պրն. Կարի Բարգօվիչ: Ձեռնարկի գեղարուեստական-երաժշտական բաժինը շարունակեց Ռուբէն Մելիգսէթեանի դաշնակի երաժշտութեան ներկայացումով: Նոյն օրը տեղի ունեցաւ նաեւ փրոֆ. Կարէն Սվասճեանի «Համամիաւորութիւն եւ ինքնութեան պահպանում» վերագրեալ բանախօսութիւնը։

Յոբելենական ձեռնարկներու շարքը շարունակուեցաւ ՝ Եղիշէ Չարենցի «Իմ Հայաստան» գիրքի երաժշտական եւ գրական երեկոյով, «Հայ խոհանոցը եւ հայկական ճաշեր» վերնագրով բանախօսութիւնով, դաշնակահար Վահագն Հայրապետեան, սաքսօֆօնիսթ Արմէն Յոյսնունց, Նորայր Գարթասեան իր տուտուքով, մեներգիչ Վարսէնիգ Աւանեանի քարեակ խումբի «Հայ Ճազի»երաժշտութեան համերգով: 26 Հոկտեմբերին, հայերէնի եւ հայ այբուբենի ներկայացում մը տեղի ունեցաւ։ Նաեւ Մուրիէլ-Վայսպաղի «Բարկութիւնէն դէպի Հաշտութիւն» անուամբ գիրքի ներկայացումը: Յաջորդեցին, Լէոնիտաս Քրիսանթոփուլոսի «Հայաստանի խորտակումը» անունով գիրքի ներկայացումը, Տիանա Գրուկէրի «Հայաստանէն հեքիաթներ» պատմուածքը, ու Տողան Ագհանլըի «Մօր լռութիւնը» անուամբ թատրոնի ներկայացումը: 27 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ սուրբ պատարագ:

Գեղարուստական-մշակութային յոբելենական ձեռնարկներու շարքը իր աւարտին հասաւ 27 Հոկտեմբերին Ժուլիէթ Կալսիթեան, Աննա Մանասեանց, Միգայիլ Պապաճանեան, Թաթեւիք Մօգաթսեան, Գրիսթինա Ալթունեան, Վաչէ Բագրատունի, Գրիգոր Ասմաեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած յոբելենական երաժշտական համերգով: 15 - 24 Նոյեմբերին, Սթութթկարդի մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ «Հայ կինօֆիլմի փառատօն»ը:

 

ՖՐԱՆՔՖՈՒՐԹԻ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ 45 ՏԱՐԵԿԱՆ 

Գերմանիոյ մէջ, Թարգմանչաց տօնի առիթով կազմակերպուած մշակութային-գեղարուեստական ձեռնարկներու շարքին մէջ, 25 Հոկտեմբեր 2013 թուականին, Ֆրանքֆուրթի Հայ Մշակոյթային Միութիւնը իր հիմնարդրութեան 40ամեակը երաշժտական փառաւոր հանդէսով մը նշեց:

Յոբելենական հանդէսը բացուեցաւ միութեան ատենապետուհի Լուսինէ Վարտումեանի ողջոյնի խօսքով, եւ իրենց սիրտի խօսքերով հանդէս եկան Գերմանիոյ Հայոց առաջնորդ Տ. Գարեգին արք. Պեքճեան եւ համերգասրահի վարչութենէն տոքթ.Զաւէն Մաթթիըսըն, տօնական համերգին իրենց մասնակցութինները բերին Արեւիկ Պէկլերեան, Լուսինէ Խաչատուրեան, Իրինա Յովհաննեսեան իրենց դաշնակով, Սեդա-Ամիր Քարաեան իր մեներգերով, Կորիւն Ասթարեան իր սաքսոֆոնով, Սէրկէյ Խաճատուրեան իր թաւջութակով, Աննա Միգաէլեան իր գեղանկարներով, եւ Իշխան Նազարեան իր քանդակագործութիւներով:

Ֆրանքֆուրթի Հայ Մշակութային Միութիւնը հիմնուած է 1968 թուականին, տարբեր երկիրներէ սակայն նոյն խմորէն մի քանի նուիրեալ հայորդիներու կողմէ Ֆրանքֆուրթի մէջ, Մայն գետի ափերուն: Նպատակ ունենալով վառ պահել Հայ Մշակոյթի ջահը, միութիւնը կը համագործակցի հայ առաքելական եկեղեցւոյ Գերամնիոյ թեմի իշխանաւորութեան եւ Գերամնիոյ հայոց Կեբննդրոական Խորհուրդի հետ, այսպէսով միանգամայն կամուրջ կը դառնայ տեղացի պետական իշխանութեան եւ հայ ու տեղական ազգային փոքրամասնութիւններու միջեւ:

 

ՊԵՐԼԻՆԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ
ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ (1923-2013) 90 ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Պերլինի հայ համայնքը, որ 1923 թուականին հիմնադրուած է, 26 Հոկտեմբերին Պերլինի մէջ, Հ.Հ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ Պերլին քաղաքի Շարլօթէնպուրկ թաղամասի թաղապետ պրն. Ռայնհարտ Նաօմանի հովանաւորութեամբ, յոբելենական հանդէսով մը նշեց իր հիմնադրութեան 90 ամեակը:

Հանդէսի բացման խօսքը արտասանեց Հ.Հ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ թաղապետ պրն. Ռայնհարտ Նաօման: Բանախօսն էր Պոխում համալսարանի դասախօս փրօֆ.Միհրան Տապաղ:

 

ՔԷՕԼՆ ի ՄԷՋ ՀԱՅ ՄՆՋԱԽԱՂԻ (ԲԱՆՏՕՄԻՄ) ԹԱՏՐՈՆ

Քէօլնի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցած է հայ մնջախաղ թատրոնի մը ներկայացումը, համայնքի հանդիսասրահին մէջ, Երեւանի պետական մնջախաղի թատրոնին կողմէ:

Քէօլնի հայ համայնքին մէջ կ’ապրին շուրջ 5000 հայեր:

 

ՔԷՕԼՆ Ի ՄԷՋ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՕՐԵՐ

Գերմանիոյ հայոց առաջնորդութեան մշակոյթի յանձնախումբի կողմէ, Ֆրանց Վէրֆըլի «40 օր Մուսա Լերան վրայ» անուն գիրքի հրատարակութեան 80 ամեակին առիթով, 9-29 Նոյեմբերին կազմակերպուած է «Քէօլնի Մէջ Հայ Մշակոյթի Օրեր 2013» խորագրի տակ գեղարուեստական-մշակոյթային ձեռնարկներու շարք մը:

Տոքթ.Սարգիս Ատամ