Իրանի յեղափոխութեան պահապաններու օդուժի հրամանատար Էմիր Ալի Հաջիզադեն յայտարարած է, որ Թուրքիոյ Մալաթիա քաղաքի մօտ գտնուող ՆԱԹՕ-ի հակաօդային պաշտպանութեան ռատարային ռազմաբաժնէն ճառագայթումը կրնայ տարածաշրջանի երեխաներու հաշմանդամութեան պատճառ դառնալ:
Այս մասին կը հաղորդէ «Արմենփրէս»-ը` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցներէն մէկու հաղորդումը, թէ «Շուտով թուրք ժողովուրդը եւս ատոր ականատեսն ու զոհը պիտի դառնայ» խօսքերով:
Զօրավար Հաջիզադեն նախապէս յայտարարած էր, որ եթէ ԱՄՆ կամ Իսրայէլը հարուածեն Իրանի միջուկային թիրախները, ապա Իրանի առաջին թիրախը Թուրքոյ մէջ ռատարները պիտի ըլլան: