«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութենէն երեսփոխան Սըրրը Սիւրէյյա Էօնտեր Չորեքշաբթի օր Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսած է,
որ իր կուսակցութեան անունով կը պատրաստուի խորհրդարան յղել դիմումնագիր մը՝ որով պիտի պահանջուի, որ 24 Ապրիլն ալ Թուրքիոյ մէջ յայտարարուի իբրեւ սուգի եւ տխրութեան օր:
«24 Ապրիլին հարիւրաւոր հայեր սպաննուեցան, ըսաւ Էօնտեր, ու մենք ալ 24 Ապրիլին մասնակցեցանք այն սուգի եւ յարգանքի հանրահաւաքին, որ կազմակերպուեցաւ: Մասնակցեցանք ու ցաւը բաժնեցինք: Այո՛, մեր հողերուն վրայ պատահեցաւ այսպիսի դէպք մը: Ասիկա իթթիհատականներուն կողմէ գործուած մեծ ոճիր մըն էր: Բոլոր լեզուներուն մէջ այսպիսի ոճիրի մը նշանակութիւնը ցեղասպանութիւն է: Այդ օրերուն թալանուեցան ժողովուրդի մը նիւթական ու մշակութային բոլոր ինչքերը: Այժմ, փոխանակ ըսելու, որ մեր պապերը այսպիսի բան մը չեն ըրած, պէտք է անիծենք բոլոր այն մարդիկը, որոնք մասնակից եղան այսպիսի ոճիրի մը գործադրութեան, եւ ատոր փոխարէն պէտք է բարձրացնենք յիշատակը մեր այն պապերուն, որոնք հայերուն պաշտպան կանգնեցան: Այս կերպով է, որ կրնանք ապագան հիմնել խղճմտանքի վրայ»:
Էօնտեր աւելցուց, որ իր կուսակցութիւնը համամիտ է, որպէսզի մօտ օրէն խորհրդարան յղէ դիմումնագիր մը եւ պիտի առաջարկէ, որ 24 Ապրիլն ալ Թուրքիոյ մէջ հռչակուի իբրեւ սուգի օր: